
ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Սոչիի Լազարեւսկի շրջանին մէջ գտնուող զօրավար Անդրանիկի արձանը վերցնելու պատճառով, Ռուսաստանի հայերու միութեան նշեալ շրջանի կառոյցի ղեկավարութիւնը հրաժարական յանցնած է:
«Հակամարտութիւնը վերացուած է, ՌՀՄ Լազարեւսկի շրջանի ղեկավարութիւնը հրաժարական է տուել՝ գիտակցելով իր սխալը: Այժմ պատրաստւում են բոլոր իրաւական փաստաթղթերը եւ շուտով արձանը տեղադրուելու է Ատլերում», youtharmenia.ru կայքին յայտնած է ՌՀՄ փոխնախագահ Գերման Անանեանց: Նշենք, որ քանի մը օր առաջ Սոչիի Լազարեւսկի շրջանի Վոլկոնկա գիւղին մէջ տեղադրուած էր զօրավար Անդրանիկ Օզանեանի յուշարձանը, որուն հեղինակը քանդակագործ Մարատ Մինասեանն էր, իսկ քանդակը ստեղծուած էր հանրային զոհաբերութիւններով: Յուշարձանի պաշտօնական բացումը նախատեսուած էր Մայիս 28ին, սակայն Լազարեւսկի շրջանի ղեկավարութիւնը սպառնացած էր, որ եթէ անիկա չվերցուի հայերու ուժերով, ապա ռուսական կողմը «յատուկ սարքերով պիտի քանդէ զայն, իսկ ՕՄՕՆը պիտի ձերբակալէ հայերը»: