
ՊԱՔՈՒ.- Ատրպէյճանի մօտ Թուրքիոյ դեսպան Հուլուսի Քըլըճ, Հինգշաբթի, Յունիս 2ին, ատրպեճանական «Էյ.Փի.Էյ.» լրատու գործակալութեան յայտնած է, թէ Անգարա մեծ ակնկալիքներ ունի Քազանի մէջ կայանալիք Ռուսիոյ, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահներուն միջեւ հանդիպումէն։
Ան դարձեալ վստահեցուցած է, թէ Թուրքիա միշտ նեցուկ պիտի կանգնի Ատրպէյճանի ու պիտի նպաստէ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին լուծում մը գտնելու ջանքերուն, յոյս յայտնելով, որ Քազանի մէջ յատկանշական քայլ մը կ՛առնուի այդ գծով:
Քըլըճի համաձայն, Արցախի տագնապի լուծումէն ետք կարելի պիտի ըլլայ Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւնները բնականոնացնել ու երկու երկիրներուն միջեւ սահմանները բանալ: