
ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Չորեքշաբթի, Մայիս 11ին, Կլենտէյլի «Գարամանուկեան» երիտասարդական կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ պատանիներու եւ երիտասարդներու օրինական հարցերու խորհրդատուական ձեռնարկ մը՝ կազմակերպութեամբ Կլենտէյլի Հայ Դատի յանձնախումբին, գործակցութեամբ Տէր Բարսեղեան իրաւաբանական խմբակին ու «Փաստաթուղթերու պատրաստութեան լուծումներ» ընկերութեան (Document Preparation Solutions):
Ձեռնարկին բացումը կատարեց Կլենտէյլի Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Էլըն Ասատրեան, որմէ ետք ելոյթ ունեցաւ նշեալ ընկերութեան տնօրէն Արիկ Գէորգեանը, որ նպաստած էր օրուան ներկայացման պատրաստութեան:
Ապա, Տէր Բարսեղեան իրաւաբանական խմբակէն Մերի Տէր Բարսեղեան տեղեկութիւններ փոխանցեց յատկապէս պատանիներու եւ երիտասարդներու առնչուող օրէնքներուն մասին, ինչպէս նաեւ վարժարաններէ ներս աշակերտներու ու ծնողքներուն իրաւունքները յստակացուց:
Աւարտին տեղի ունեցած հարց-պատասխանի բաժին մը: Անոնք, որոնք չկրցան ներկայ ըլլլալ հաւաքին, կրնան www.ancglendale.org կայքը այցելելով՝ օրինակ մը ստանալ այս մասին Քալիֆորնիոյ իրաւաբանական միութեան պատրաստած գրքոյկէն: