ՓԱՐԻԶ, «ՓանԱրմինիըն».- Յունիս 5ին, «France 2» ֆրանսական Հանրային պատկերասփիւռի կայանը Թոմաս Վալիվի «Արեւելեան քրիստոնեաները» հաղորդումին ընթացքին պիտի ցուցադրէ «1915ի Հայոց Ցեղասպանութիւնը. յարգանքի տուրք զոհերուն» վաւերագրական ժապաւէնը:
Հաղորդման պիտի մասնակցին Ֆրանսայի մէջ Հայոց կաթողիկէ եկեղեցւոյ եպիսկոպոս Կրեկուար Կապրոյեան, պատմաբաններ Իվ Թերնոն եւ Ռեմոն Գէորգեան, ինչպէս նաեւ Ցեղասպանութիւնը ապրած հայ ընտանիք մը: