Հայաստան իրենց ուխտագնացութենէն մօտաւորապէս ամիս մը ետք, Ազգային Վահան եւ Անոյշ Շամլեան վարժարանի աշակերտները Չորեքշաբթի, Մայիս 25ի առաւօտուն, իբրեւ ուխտաւորներ այցելեցին Ազգ. առաջնորդարան, ուր ընդունուեցան առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի եւ հոգեւոր հայրերու կողմէ։ Վարժարանի տնօրէնութեան կողմէ հաստատուած գեղեցիկ աւանդութիւն մըն է այս ուխտագնացութիւնը։ Օգտուելով վարժարանի մերձակայութենէն՝ աշակերտները, իրենց ուսուցիչներուն եւ կարգ մը ծնողներու ընկերակցութեամբ, հետիոտն հասան առաջնորդարան ու առաջին հերթին, առաջնորդուեցան «Ս. Տրդատ եւ Ս. Աշխէն» մատուռ։ Առաջնորդին կողքին էին Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հոգեւոր հայրերը ու աշակերտներու կրօնի դասատուները՝ Վազգէն քհնյ. Աթմաճեան եւ Կոմիտաս քհնյ. Թորոսեան։ Հաւաքական աղօթքէ ետք, աշակերտներն ու անձնակազմի անդամները Ս. հաղորդութիւն ստացան առաջնորդին ձեռամբ։ Առաջնորդարանի շրջափակին մէջ գտնուող յուշարձանին առջեւ միասնաբար լուսանկարուելէ ետք, աշակերտները առաջնորդուեցան «Տիգրան եւ Զարուհի Տէր Ղազարեան» սրահ, ուր տեղի ունեցաւ մտերմիկ հանդիպում մը։ Աշակերտները ներկայացուցին երկու խմբային արտասանութիւն եւ դաշնակի վրայ երաժշտական երկու գործ։ Գեղարուեստական բաժինին մասնակցութիւն բերաւ նաեւ վարժարանի տնօրէն Վազգէն Մատէնլեան՝ նուագելով դաշնակի վրայ, իսկ վարժարանի ծնողներէն տոքթ. Վահէ Փիրումեան, Հայաստան ուղեւորութենէն իբրեւ յիշատակ, իր դստեր հետ միասին առաջնորդին նուիրեց մեծադիր լուսանկար մը՝ Հաղարծինի վանքին, որ իր գործն էր։
Առաջնորդը հակիրճ պատգամ մը ուղղեց աշակերտներուն։ Յիսուսի այլակերպութեան դրուագը պատմելէ ետք, ան նկատել տուաւ, որ աշակերտները վերացած էին երանական ու խաղաղ պահէ, եւ ցանկացած էին, որ այդ պահը երկարէր. նոյնպէս ալ, շարունակեց ան, շատ փափաքելի պիտի ըլլար, որ աշակերտներու այցելութեամբ ու ներկայացուած յայտագիրով ստեղծուած հաճելի պահը երկարէր։ Առաջնորդը բարձր գնահատեց աշակերտներուն այս այցելութիւնը եւ յորդորեց, որ վարժարանէն շրջանաւարտ ըլլալէ ետք, անոնք իրենց հոգիներուն ու կեանքերուն մէջ ամուր պահեն կրթական այս օճախէն իրենց ճաշակած ոգեղէն սնունդը եւ դառնան կամուրջ՝ յաջորդ սերունդներուն հետ։ Առաջնորդը նաեւ բարձր գնահատեց վարժարանին տնօրէնը, փոխտնօրէնուհին՝ Ռիթա Գաբրիէլեանը, ուսուցիչներն ու ծնողները, այս այցելութեան յաջող կազմակերպումին համար։ Վերջապէս, ան շնորհակալութեան ու դրուատիքի խօսք ուղղեց տոքթ. Վահէ Փիրումեանի։
Շնորհակալութեան հակիրճ խօսք արտասանեց նաեւ տնօրէնը՝ շնորհակալութիւն յայտնելով այս ջերմ ընդունելութեան համար, միաժամանակ դրուատելով փոխտնօրէնուհիին եւ ծնողաօժանդակ մարմինի ջանադիր աշխատանքն ու դպրոցի կեանքին մէջ անոնց ներդրումը։
Փակման աղօթքէ ետք, աշակերտները դպրոց վերադարձան՝ իրենց հետ տանելով յուշանուէր աղօթագիրքեր եւ հաճելի յիշատակներ։