
ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Նիուզ».- Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեանի հետ հանդիպումէն ետք, ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի ամերիկացի համանախագահ Ռապըրթ Պրատթքի լրագրողներու հետ զրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, թէ Միացեալ Նահանգներ հաւատարիմ է ղարաբաղեան հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման:
«Մասնաւորապէս, նախարարներուն հետ պետական քարտուղար Քլինթընի հանդիպումներուն կարեւոր պահերէն էր ուժի կիրառման անթոյլատրելիութեան ընդգծումը: Ուժի կիրառումը պատճառ պիտի դառնայ, որ աւելի շատ մարդիկ զոհուին, տառապին, ու խնդիրին լուծումը ուժի կիրառումով անթոյլատրելի է», ընդգծած է Պրատթքի:
Մինսկի խումբի ռուս համանախագահ Իկոր Փոփով, նոյն հանդիպումէն ետք լրագրողներու հետ զրոյցի մը ընթացքին նշեց, թէ իրենք յոյս ունին, որ ԼՂ հակամարտութեան կողմերը կառուցողական մօտեցում ցուցաբերեն Քազանի մէջ:
Անդրադառնալով Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ԱԳ նախարարներու հանդիպման՝ միջնորդը նշած է, որ «հանդիպման ժամանակ ուշադրութեան պիտի արժանանան վերջնական ձեւակերպումները, որոնք պիտի առաջարկուին Քազանի մէջ կայանալիք հանդիպման ընթացքին: Կը կարծեմ, որ Տովիլի յայտարարութիւնը այս աշխատանքին լրացուցիչ լիցք պիտի հաղորդէ», ըսաւ Փոփով:
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ ի՞նչ կ՛ենթադրուի Մատրիտեան նոր սկզբունքներէն՝ Իկոր Փոփով յայտարարեց. «Մշտական աշխատանք կը տարուի հիմնական սկզբունքներու վրայ: Ես զերծ պիտի մնայի «Մատրիտեան նոր սկզբունքներ» ձեւակերպումէն: Այսօրուան դրութեամբ, նախագիծ գոյութիւն ունի: Շարք մը հարցեր վերամշակում կը պահանջեն: Այդ վերամշակումով կը զբաղին նախարարները, եւ եթէ անիկա համաձայնեցուի, ապա հնարաւոր է, որ անով ալ աւարտին Քազանի մէջ աշխատանքները»:
Ֆրանսացի համանախագահ Պեռնար Ֆասիէ իր կարգին նշած է. «Ինչպէս նշեց Իկոր Վալենթինովիչ, կան փոքր կէտեր, որոնց վրայ աշխատելու կարիք կայ»:
Յիշենք, որ 6 Յունիսին մեկնարկած էր համանախագահներու տարածաշրջանային այցելութիւնը: Համանախագահները արդէն գտնուած են Պաքու, ապա մեկնած են Աղդամի շրջանի Թեզեքենդ գիւղ՝ մասնակցելու համար Ատրպէյճանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի զինուած ուժերու սահմանին իրականացուող դիտարկումին: Այնուհետեւ անոնք հատած են սահմանը եւ մեկնած Ստեփանակերտ, ուր հանդիպումներ ունեցած են հանրապետութեան ղեկավարութեան հետ: Համանախագահներու այցին յաջորդ կէտը պիտի ըլլայ Երեւանը, ուր համանախագահները ժամանեցին երէկ:
Ատրպէյճանի ԱԳ նախարար Էլմար Մամետեարով յայտարարած է, թէ Հայաստանի, Ռուսիոյ եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպումը պիտի կայանայ Յունիս 11ին, Մոսկուայի մէջ: Իսկ Յունիսի վերջաւորութեան, Քազանի մէջ պիտի կայանայ Հայաստանի, Ռուսիոյ եւ Ատրպէյճանի նախագահներուն եռակողմ հանդիպումը: