ԵՐԵՒԱՆ, «Մետիամաքս».- Յունիս 8ին, Երեւան ժամանեց Ֆրանսայի արտաքին գործոց եւ եւրոպական հարցերու նախարարութեան Եւրոպայի վարչութեան պետ Ֆիլիփ Լըֆոր:
Երեւանի մօտ Ֆրանսայի դեսպանութենէն հաղորդուած լուրերուն համաձայն, այցին նպատակը երկու երկիրներու արտաքին գործոց նախարարութիւններուն միջեւ քաղաքական խորհրդակցութիւններու իրականացումն է, ինչպէս նաեւ՝ տարածաշրջանային հարցերու քննարկումը:
Կը նախատեսուի Ֆիլիփ Լըֆորի հանդիպումը ՀՀ արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանի հետ: