ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Արցախի Տիգրանակերտ քաղաքի այս տարուան պեղումները պիտի ընթանան Յունիս 20էն Օգոստոս 20 ժամանակահատուածին: Ըստ ՀՀ գիտութիւններու ազգային ակադեմիոյ հնագիտութեան եւ ազգագրութեան ուսումնարանի Արցախի արշաւախումբի ղեկավար Համլէթ Պետրոսեանի, այս տարուան պեղումներուն իրականացման համար ԼՂՀ կառավարութիւնը յատկացուցած է 22 միլիոն դրամ: Պեղումները պիտի իրակնանան ութ հոգիէ բաղկացած արշաւախումբի մը մասնակցութեամբ. կազմին մէջ են հնագէտներ, ճարտարապետ մը, բուսաբան մը եւ մարդաբան մը: Պեղումներու փորձնական շրջանին պիտի մասնակցին նաեւ ուսանողներ՝ Զուիցերիայէն:
Հ. Պետրոսեանի խօսքով, այս տարի լոյս պիտի տեսնէ Տիգրանակերտի պեղումներու արդիւնքները ներկայացնող գիրքը: Անցեալ տարի տեղի ունեցած է «Տիգրանակերտ. Վերադարձող քաղաք» ժապաւէնին անդրանիկ ներկայացումը: Կը նախատեսուի ստեղծել եւս մէկ ժապաւէն՝ «Տիգրանի դասերը» անունով, ուր յատուկ բաժին մը պիտի նուիրուի Տիգրանակերտին. նաեւ կը պատրաստուի այլ ժապաւէն մը՝ նուիրուած Արցախի տարբեր յուշակոթողներուն:
Ըստ Հ. Պետրոսեանի, նախորդ տարուան պեղումներու ամենաէական արդիւնքը հին թաղամասին եւ դամբարանադաշտին յայտնաբերումն էր: «Մինչ այդ, մենք նոյնիսկ չգիտեինք, որտեղ փնտռել դրանք: Այս տարի մենք ընդարձակ պեղումներ կ՛անենք ե՛ւ անտիկ թաղամասում, ե՛ւ դամբարանադաշտում», ընդգծեց Հ. Պետրոսեան:
Արդէն մէկ տարի է, որ կը գործէ նաեւ Տիգրանակերտի թանգարանը: Արցախի արշաւախումբի ղեկավարը նշեց, որ թանգարանը այս մէկ տարուան ընթացքին ունեցած է քանի մը տասնեակ հազար այցելու: Այս տարի կը նախատեսուի թարմացնել թանգարանին ցուցադրութիւնը:
Ի պատասխան այն հարցումին, թէ ինչպիսի՞ նշանակութիւն կ՛ունենան Տիգրանակերտի պեղումները Հայաստանի համար՝ Հ. Պետրոսեան նշեց, որ եթէ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան լուծման համար պատմական եւ մշակութային փաստերը որեւէ դեր կը խաղան, ուրեմն ակնյայտօրէն Տիգրանակերտը այդ փաստերուն մէջ առաջնային տեղ կը գրաւէ. «Մեր մշակութային որեւէ երեւոյթ այնքան չի արժանացել ատրպեճանական հակաքարոզչութեանը, որքան Տիգրանակերտը», շեշտեց Հ. Պետրոսեան:
Անդրադառնալով ատրպեճանական մամուլին մէջ յայտնուած այն հրապարակումներուն, որ, իբրեւ թէ Տիգրանակերտի պեղումներուն ժամանակ, հայերը կ՛ոչնչացնեն ատրպեճանական յուշակոթողներ՝ Հ. Պետրոսեան նշեց, որ ասոնք Ատրպէյճանի հերթական զաւեշտալի յայտարարութիւններն են: «Ես բազմիցս յայտարարել եմ, որ պատրաստ եմ ատրպէյճանցի հնագէտի հրաւիրել Տիգրանակերտ եւ ցոյց տալ, թէ ի՛նչ ձեւով ենք մենք պեղուած իրերը վերականգնում, պահում, ցուցադրում, իսկ նրանք այդպիսի համակարգ չունեն», նշեց ան, աւելցնելով, որ ատրպեճանական նմանատիպ հերիւրանքներ արժանի չեն ուշադրութեան:
Նշենք, որ Արցախի Տիգրանակերտի պեղումները սկսած են 2006ին: Անոնց իբրեւ արդիւնք, գտնուած եւ ուսումնասիրուած են քաղաքի միջնաբերդը, պարիսպները, քաղաքի կեդրոնական մասը եւ վաղ միջնադարեան պազիլիք եկեղեցին: Պեղումներու ամենակարեւոր գտածոներէն մէկը 2008ին յայտնաբերուած հայերէն արձանագրութիւնն է: