ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Քալիֆորնիոյ վճռաբեկ ատեանը վերահաստատած է այն վճիռը, որ կը պահանջէ «Սիտըրզ Սայնայ» հիւանդանոցէն 6 միլիոն տոլարի վնասուց հատուցում կատարել տոքթ. Հրայր Շահինեանին, որ առողջապահական այդ կեդրոնին դէմ դատ բացած էր:
Տոքթ. Հրայր Շահինեան դատը բացած էր, երբ հիւանդանոցին պատասխանատուները անտեսած էին իր բողոքները, թէ վիրաբուժական գործիքները հականեխելու համար բաւարար միջոցառումներ չեն որդեգրուիր հիւանդանոցի վիրաբուժական սենեակներուն մէջ: Ատեանը նաեւ ընդունած է այն պնդումները, թէ Շահինեան հիւանդանոցին ու անոր անձնակազմի մեծամասնութեան կողմէ հալածուած էր՝ իր կատարած բողոքէն ետք, որուն հետեւանքով ուղեղի մասնագէտ բժիշկը նիւթական վնասներ կրած է: