
ԼՈՆՏՈՆ, «Պի.Էն.Էյ».- Հետեւելով Ուաշինկթընի օրինակին՝ Բրիտանիոյ արտաքին գործոց նախարար Ուիլեըմ Հէյկ Ուրբաթ, Յունիս 10ին հաստատեց, թէ Լոնտոն 1967ի պատերազմը կանխող սահմաններով պաղեստինեան պետութեան մը հաստատումին կը զօրակցի, եւ աւելցուց, թէ Երուսաղէմը Իսրայէլի եւ Պաղեստինի մայրաքաղաքը պէտք է ըլլայ: Հէյկ յայտնեց, որ պաղեստինեան բռնագրաւեալ տարածքներուն վրայ գտնուող իսրայէլեան բնակեցման վայրերը ապօրինի են եւ՝ խաղաղութեան հաստատման արգելք մը։ Պատասխանելով այն հարցումին, թէ Բրիտանիոյ վարչապետ Տէյվիտ Քեմրըն Պաղեստինը ճանչնալու սպառնալիքին կողքին ճնշում կը բանեցնէ՞ Իսրայէլի վրայ, Հէյկ նշեց, որ նման ճնշումներ պիտի չնպաստեն կացութեան եւ կրնան «հակառակ արդիւնքի առաջնորդել»։