
ԱՆԳԱՐԱ, «Անատոլու».- Թուրքիոյ վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան սուրիական վարչակարգը ամբաստանեց բռնարարքներու դիմելու եւ ցուցարարներուն հետ «անմարդկային» կերպով վարուելու յանցանքով, մինչ Ուրբաթ, Յունիս 10ին կը հաղորդուէր, թէ սուրիական քանի մը քաղաքներու մէջ տեղի ունեցած ցոյցերուն ընթացքին 28 ցուցարարներ եւս սպաննուած են:
Թրքական «Էյ.Թի.Վի.» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին, Էրտողան յայտնեց, թէ Սուրիան Թուրքիոյ համար ներքին հարցի մը նման է. «Մենք Սուրիոյ հետ 800-900 քիլոմեթր երկարութեամբ սահման ունինք։ Չենք կրնար բռնարարքներէն փախուստ տուող սուրիացիներուն առջեւ մեր դուռը փակել։ 4-5 օր առաջ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի հետ այդտեղի կացութեան մասին խօսեցայ։ Սակայն, դժբախտաբար, անոնք կացութիւնը թեթեւի կ՛առնեն։ Յստակ կերպով ըսի, թէ իրենք մարդկային ձեւով չեն վարուիր։ ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդը Սուրիոյ նկատմամբ աշխատանք կը տանի։ Ի տես բռնարարքներուն՝ մենք չենք կրնար շարունակել Սուրիոյ զօրակցիլ։ Սուրիոյ մէջ ազգականներ ունինք», ըսաւ ան:
Թրքական «Հիւրրիյէ»չ օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութենէն պաշտօնատարներ յայտնած են, թէ Սուրիայէն գաղթականներու թիւը աճելու պարագային, Թուրքիա ապահովական գօտի մը ստեղծելու մասին կը մտածէ։ Նշենք, որ բրիտանական «Ինտիփենտըն»չ թերթը վերջերս հաղորդած էր, որ թրքական բանակը կը պատրաստուի Քամըշլիէն դէպի Տէր Զօր յառաջանալով՝ ապահովական գօտի մը ստեղծել։ Ուրբաթ օրուան տուեալներով, մօտաւորապէս 3000 գաղթականներ Սուրիայէն Թուրքիա մուտք գործած են, որովհետեւ մտավախութիւններ կան, որ Սուրիոյ բանակը կը պատրաստուի հաշուեյարդար տեսնելու, պնդելով, թէ 120 ոստիկաններ սպաննուած էին զինեալ խմբաւորումի մը կողմէ։
Սուրիոյ պետական պատկերասփիւռի կայանը Ուրբաթ օր հաղորդեց, որ Դամասկոսէն 300 քիլոմեթր հիւսիս գտնուող Իտլիպ նահանգի Ճըսըր Շուղուր քաղաքին մէջ, բանակը ապահովութեան վերականգնման զինուորական գործողութեան մը ձեռնարկած է։
Յատկանշական է, որ թրքական «Այտընլըք» օրաթերթը կը գրէ, թէ Թուրքիոյ սահմանամերձ Ճըսըր Շուղուրի մէջ 120 սուրիացի ոստիկաններու սպանդը կազմակերպած է Թուրքիոյ գաղտնի սպասարկութիւնը՝ ՄԻԹը։ Թրքական օրաթերթը, վկայակոչելով նահանգին մէջ գործող Ժողովուրդներու համերաշխութիւն կազմակերպութեան նախագահ, լրագրող Միքթատ Ապուզերին՝ կը գրէ, թէ այդ յարձակումը գործադրած զինեալներուն պարագլուխը ՄԻԹի կողմէ զինուորագրուած Սուրի Ռըտուան Համուտին է։
Իրանեան «Փրէս Թի.Վի.»ն, իր կարգին կը հաղորդէ, որ Սուրիայէն Թուրքիա փախչողները «զինեալ ահաբեկիչներ» են, որոնք ուղղակի առնչութիւն ունին օրեր առաջ 120 ոստիկաններու սպանութեան հետ։ Իրանեան պատկերասփիւռի կայանը նաեւ կը նշէ, որ սուրիացի ոստիկաններուն դէմ յարձակումը կատարուած է Թուրքիայէն Սուրիա ներածուած զէնքերով։
Միւս կողմէ, Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարար Ռապըրթ Կէյց յայտնեց, որ «անմեղներուն սպանութենէն ետք, Ասատի օրինականութիւնը հարցականի տակ առնուեցաւ»։ Իր կարգին, արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթըն ողջունեց Սուրիոյ դէմ Հիւլէական ուժանիւթի միջազգային գործակալութեան որոշումը, որ տրուած էր այն պնդումով, թէ Սուրիա Տէր Զօրի մէջ կարծեցեալ հիւլէական կեդրոնի մը մասին տեղեկութիւններ չէր փոխանցած գործակալութեան:
Գործակալութիւնը Հինգշաբթի օր Սուրիոյ թղթածրարը փոխանցած էր ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդին։ Պրազիլի արտաքին գործոց նախարարը, իր կարգին յայտնեց, թէ Սուրիա Միջին Արեւելքի «կայունութիւնը հաստատելու աշխատանքներուն մէջ յառաջատար դեր ունի, եւ անոր դէմ միջազգային որեւէ որոշում շրջանին մէջ լարուածութիւնը պիտի աճեցնէ»։