ՊՈԼԻՍ.- «Լիպերալսես» կայքէջը, վկայակոչելով Կարսի մէջ հայ-թրքական բարեկամութիւնը խորհրդանշող «Մարդկութեան եւ խաղաղութեան» յուշարձանի քանդակագործ Մեհմետ Աքսոյի «Այտընլըք» օրաթերթին հետ հարցազրոյցը՝ կը յայտնէ, թէ Աքսոյ Հայկական Ցեղասպանութեան ճարտապետներէն՝ Թալէաթ փաշայի, ինչպէս նաեւ Բանուորական կուսակցութեան ազգայնամոլ ղեկավար Տողու Փերինչեքի համակիրներէն է:
Աքսոյ թերթին յայտնած է, թէ Կիրակի, Յունիս 12ին կայանալիք Թուրքիոյ խորհրդարանական ընտրութիւններուն ընթացքին պիտի աջակցի Փերինչեքի եւ Հանրապետական ուժերու միութեան անդամ թեկնածուներուն։ Աքսոյ ընդգծած է նաեւ, որ ինք «հիացած էր» Փերինչեքի կուսակցութեան կողմէ Զուիցերիոյ մէջ կազմակերպուած Թալէաթ փաշայի անուան երթով։
«Լիպերալսես» կը մէջբերէ այս նիւթին առնչութեան թրքական «Ենի Շաֆաք» օրաթերթին յօդուածագիր Սալիհ Թունայի մեկնաբանութիւնը Աքսոյի յայտարարութիւններուն առնչութեամբ: «Եթէ չըլլար «Այտընլըք» օրաթերթը, չէի գիտնար, որ Մեհմետ Աքսոյ կը փափաքի Փերինչեքը Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ տեսնել։ Չէի գիտնար նաեւ, որ Աքսոյ հիացած է Փերինչեքի՝ Զուիցերիոյ մէջ կատարած «հերոսութիւններով»։ Մենք կը կարծէինք, որ ան հայկական տեղահանութեան դէմ «Մարդկութեան» յուշակոթողը քանդակող արուեստագէտ է, եւ կը պարզուի, թէ ան «Թալէաթ փաշա» կոմիտէի մոլի երկպրագուն է», ըսած է ան։
Յիշեցնենք, թէ Փերինչեք Զուիցերիոյ իշխանութեանց կոմէ դատապարտուած էր Հայկական Ցեղասպանութիւնը ուրանալուն համար:
Միւս կողմէ, թրքական «Հիւրրիյէթ» օրաթերթը կը հաղորդէ, թէ Թուրքիոյ վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի կողմէ «հրէշային» կոչուած յուշարձանը արդէն 70 առ հարիւրով քանդուած է, սակայն յուշարձանի քանդումը իրականացնող բանուորները յայտարարած են, թէ իրենց աշխատանքին դիմաց գումար չեն ստացած եւ այդ պատճառով դադրեցուցած են աշխատանքը։
Կարսի քաղաքապետ Նեւզաթ Պոզքուշ հաստատած է լուրը՝ շեշտելով, որ խնդիրը կը գտնուի յուշարձանի քանդումը ստանձնած «Աֆշին» ընկերութեան եւ այդ ընկերութեան հետ համագործակցող «Եաման Քարոթ» ընկերութեան միջեւ։ Քաղաքապետը պնդած է, որ ամէն պարագայի, Ապրիլ 26ին սկսած աշխատանքը պիտի աւարտի մինչեւ Յունիս 24։