
ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- ՀՀ Կեդրոնական դրամատունը (ԿԴ) հաւատարիմ է դրամի տատանող փոխարժէքի քաղաքականութեան, եւ դրամի փոխարժէքի շուկային մէջ միջամտութիւններ կը կատարէ՝ կտրուկ տատանումները կանխելու համար: Յունիս 14ին, ԿԴի մէջ հրաւիրուած ասուլիսին ընթացքին այս մասին յայտարարեց ԿԴ նախագահ Արթուր æաւադեան:
«Աւելի պահպանողական ենք, երբ դրամը գնում է դէպի արժեւորում», ըսաւ ան, աւելցնելով, որ արտաքին վճարային հաշուեկշիռի պայմաններուն մէջ, դրամի արժեւորումը «այնքան ալ լաւ երեւոյթ չէ»: «Մենք չենք կարող թողնել, որ դրամը շատ ուժեղանայ», ըսաւ æաւադեան:
Ըստ անոր, արդէն 10-15 օրէ ի վեր կը նկատուի, որ դրամը դէպի արժեւորում կ՛երթայ, ինչ որ բնորոշ է ամրան եղանակին. «Եթէ լինեն տատանումներ դէպի ուժեղացում, մենք գնելու ենք արտարժոյթ, որ չթողենք դրամը ուժեղանայ եւ հետագայում տատանումները աւելի մեծ չլինեն», յայտնեց æաւադեան եւ աւելցուց, որ ատիկա ոչ միայն Հայաստանի Կեդրոնական դրամատան քաղաքականութիւնն է, այլ՝ այն բոլոր կեդրոնական դրամատուներունը, որոնք յայտարարած են ազատ տատանող փոխարժէքի մասին: