Փասատինայի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայց. եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Սարգիս Ա. քհնյ. Փեթոյեան եւ ծուխի Ալֆրէտ եւ Մարկարիթ Յովսէփեան վարժարանի 8րդ դասարանի աշակերտ-աշակերտուհիներ՝ գլխաւորութեամբ վարժարանի տնօրէն Շահէ Մակրեանի, այցելեցին Պոսթոն, Նիւ Եորք, Ֆիլատելֆիա եւ մայրաքաղաք Ուաշինկթըն:
Նիւ Եորք գտնուած միջոցին, ուսանողները այցելեցին Նիւ Ռոշելի մէջ գտնուող Սուրբ Ներսէս ընծայարանը, ուր ընդունուեցան տեսուչ Դանիէլ վրդ. Ֆընտըքեանի, ուսուցչական կազմի եւ ճեմարանի ուսանողներու կողմէ: Ապա անոնք շրջագայեցան ճեմարանէն ներս եւ ստացան անհրաժեշտ տեղեկութիւններ: