ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ԵՒ ՀԱՅ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԸ ԴԷՄ ԱՌ ԴԷՄ
ԳՐԻԳՈՐ Ծ. ՎՐԴ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ

Երեք տգեղ ու վատ բառեր կը կազմեն այս գրութեան վերնագիրը: Բառեր, որոնց միջեւ բաղդատական ընելը աւելորդ աշխատանք կը համարուի, եթէ ճիգ պիտի վատնուի անոնցմէ մեղմագոյնը գտնելու: Դաւաճանութիւնը՝ դաւաճանութի՛ւն է, ի՛նչ ալ ըլլան անոր տուն տուող պատճառները: Ապերախտութիւնը՝ ապերախտութիւն է, ինչքան ալ պայմաններու փոփոխութեան մասին բացատրականներ կարդան զանիկա գործադրողները: Իսկ խաբեբայութիւնը՝ խաբեբայութիւն է, նոյնիսկ եթէ որոշ ժամանակ կարենայ տարբեր հանդերձանքով շրջիլ մարդոց դիմաց: Սակայն ուշ կամ կանուխ, անիկա անպայման պիտի յայտնէ իր իսկական դէմքը, երբ վար առնուի խաբեբային դէմքը ծածկող ժպտուն դիմակը:
Այս երեքով ալ «հարուստ» անհատականութիւն ունեցող մարդուն պարագային, կարելի չըլլար կեդրոնանալ մէկուն վրայ, որովհետեւ անզգալի անցումներով ենթական մէկէն միւսը կ՛ոստոստէ, կացութիւնները յանցաւոր ներկայացնելով, ու չքմեղելով իր տկար բնութիւնը:
Դաւաճանութեան օրինակները բազմաթիւ են, որոնք հաւաքական ու անհատական կեանքի տարբերակներով կարելի է գտնել ամէնուրեք: Ժողովուրդներու կեանքին մէջ, ուր հաւաքական ոյժը խտացած վիճակով յառաջդիմութեան աղբիւր կը դառնայ տուեալ ազգին, յանկարծ կը կասեցուի դաւաճական գործողութեան հետեւանքով: Հայոց պատմութեան էջերը եթէ լեցուն են ազատագրական պայքարի գովելի հերոսութիւններով, սակայն անոնք անխառն չեն մնացած դաւաճանական վատոգի միջամտութիւններէ: Հոգեւին ազգի փրկութեան նուիրուած ֆետայական խումբերու մէջ յանկարծ ահ ու սարսափ տարածուած է մատնութեան ստոր դէպքերով, որոնք դաւաճանութեան աններելի մեղքին իբրեւ արդիւնք, ջարդի ու արիւնահեղութեան պատճառ դարձած են: Երբեմն չնչին գումարի, կամ նոյնիսկ թշնամիին հաւատարիմ ու հաճելի թուելու համար, իրենց ինքնախաբէութեան զոհ եղած են դաւաճանները, որոնք իրենց «դերը» կատարելէ անմիջապէս ետք, նոյն այդ դաւաճանութեան մեղքին պատճառով վրայ տուած են իրենց գլուխը, իրենց կողմէ վստահելի նկատուած թշնամիին ձեռքով:
Դաւաճանը երկար ճամբայ չի՛ կրնար երթալ, ո՛չ իր բարեկամ նկատած անձին, ո՛չ ալ իր ոսոխին հետ: Դաւաճանութիւնը որեւէ ժամացուցային դրութենէ դուրս կը գործէ: Յարմարագոյն պահն ու ժամը դաւաճանին համար, ի շահ իրե՛ն եղող յարմարագոյն պահն ու կացութիւնն է: Անձնասիրութեան չափանիշ է դաւաճանութիւնը, որ կեդրոնական դէմք ընտրելով իր անձը, ամէն ինչ կը պատշաճեցնէ անոր, եւ նոյնիսկ ամէնէն մօտիկ կամ հարազատ անձը կը զոհէ դաւաճանելով անոր, ի նպաստ իր անձի գերագոյն շահերուն: Դաւաճանին համար, թափուող անմեղ արիւնը ամէնէն աժան գինով վաճառուող հեղուկն է այս աշխարհի վրայ, որուն գոյնը պարզապէս կարմիր է…: Դաւաճանին համար ո՛չ մէկ նշանակութիւն ունի թէ քանի՞ հոգի զոհ կ՛երթայ իր կատարած դաւաճանութեան իբրեւ հետեւանք: Իր հայրենիքի ամբողջ բանակը եթէ սուրէ անցնի իր կողմէ կատարուած դաւաճանութեան բերումով, եւ զինուորներու արեամբ գետ վարարի իր շուրջ, ատոր գլգլոցի երաժշտութեան ներքոյ խո՜ր քունի կը մտնէ ան, հանգիստ խիղճով…:
Երկրորդ վատ բառը այս վերնագիրին, շատ մօտ է առաջինին, եւ եթէ պատահի որ միանայ անոր՝ աւելի կը զօրացնէ ու անտանելի կը դարձնէ զանիկա: Ոմանք ապերախտութիւնը աւելի առաջ դնելով դաւաճանութենէն, կ՛ըսեն թէ անիկա է դաւաճանութեան տուն տուող պատճառը: Առանձի՛ն ալ կը գործադրուին այս երկուքը, միասի՛ն ալ: Դաւաճանը ապերախտ մարդ է, եւ ապերախտն ալ բնական է որոշ իմաստով դաւաճանութիւն կը կիրարկէ, ու փոխադարձաբար:
Ժողովրդային առածը միշտ կը յիշեցնէ, թէ կատարուած բարիքը միշտ ծով պէտք է նետել, այսինքն՝ չյիշել զանիկա, մոռնալ, «Աստուծոյ համար կատարած» ըլլալ: Ասոնք համեստ ու խոնարհ արտայայտութիւններ են, որոնք կ՛աւելցնեն զայն գործադրողներուն առաքինութեանց պսակին թանկարժէք քարերը: Սակայն, կատարուած բարիքին դիմաց եթէ ոչ բարիք, գէթ չարիք ընկալելու մտավախութիւնը պէտք չէ ունենայ մարդ, որպէսզի չտկարանայ իր քրիստոնէական հաւատքին մէջ: Փորձութիւն է այս, որուն մէջէն կ՛անցնի իւրաքանչիւր մարդ, որ բարիք կը գործէ իր նմանին: Ամէն մարդ կատարած բարիքդ նոյն զգացումով չընկալեր, ո՛չ ալ պատրաստ է բարիքով փոխադարձելու կատարած բարիքդ: Սակայն յուսախաբութիւնը կը սկսի այն պահուն, երբ բարիքը չարիքո՛վ կը փոխադարձուի, քրիստոնէական առաքինութեան ուսուցածը փորձաքարի զարնելով: Հաւատքի մէջ տկար անձեր, նման փորձութիւններու դիմաց կ՛ընկճուին, ու բարիքի դիմաց չարիքը կրելով, կը կքին անոր պատճառած վիշտի ծանրութեան տակ, հաւատքի հիասթափութեան փորձառութիւնը ապրելով:
Վերոյիշեալ երկու բառերուն դիմակն է խաբեբայութիւնը: Երկար ժամանակ անիկա կրնայ ծածկած պահել ենթակային՝ դաւաճանին կամ ապերախտին բուն դէմքը, ու ժպտուն ցոյց տալ այն խոժոռ երեսը, որ խորքին մէջ ճամբան ճիշդ քալող մարդուն ոտքերուն առջեւ հոր փորող մարդուն իսկական ինքնութիւնն է:
Խաբեբայութեան այս դիմակը երկու ձեւով վար կ՛առնուի: Առաջին, ենթական ի՛նք կրնայ վար բերել զանիկա, երբ դաւաճանութեան ու ապերախտութեան կողմէ կատարուած շահագործումի ժամանակը հասունցած է արդէն: Այսպէս, որոշ ժամանակ լաւապէս օգտագործելէ ետք իր զոհին կարելիութիւնները, որոնց կարիքը ունէր, կը հասնի զայն մէկդի շպարտելու ատենը՝ ապերախտութեամբ, որուն, ըստ տուեալ կացութեան, կը յաջորդէ դաւաճանութիւնը, վերջ տալու համար զոհին կողմէ վերականգնելու ամէն փորձի: Դաւաճանութիւնը, մէկ խօսքով, վերջին՝ մահացու հարուածն է, զոր ոճրագործը կու տայ իր զոհին, ոճիրը վերջնականապէս ծածկելու եւ զոհին կողմէ իր՝ սպաննողին ինքնութիւնը ի յայտ բերելու ամէն հաւանականութեան առաջքը առնելու համար:
Երկրորդ, խաբեբայութեան դիմակը կրնայ վար առնել նաեւ, երկար ժամանակ խաբեբային զոհ դարձած անձը, որ լաւապէս ուսումնասիրելէ ետք ենթական, ի վերջոյ կու գայ այն համոզման, թէ շահագործումին պէտք է վերջ տրուի քաջ արարքով: Այդ քաջ արարքն է ահա, խաբեբային դիմակը բռնելով, զանիկա վար քաշելու համարձակութիւնը, որ երբեմն կը պակսի շատերու մօտ:
Ոմանք այն կարծիքին են, թէ դաւաճանութեան, ապերախտութեան ու խաբեբայութեան ունակութիւնները ուղղելի են: Հակառակը չենք պնդեր, որովհետեւ մարդուն սխալական ըլլալը կ՛ընդունինք: Սակայն կարելի՞ է ըսել թէ արդարանալի են անոնք: Ո՞վ կրնայ յանդգնութիւնը ունենալ, ազատագրական մեր պայքարի ընթացքին կատարուած դաւաճանութիւնները արդարացնելու, կամ մեծ բարերարութեան դիմաց ապերախութիւնը ներելու: Բայց այդ ունակութիւնները ի տղայ տիոց ուղղութեան բերելը, կրօններուն, բարոյագիտութեան ու նոր սերունդի դաստիարակութեան աշխատանքային առաջին օրակարգերը պէտք է կազմեն: