ՍԱՐԳԻՍ ՓԱՆՈՍԵԱՆ
ՖՐԵԶՆՕ.- Հինգշաբթի, Յունիս 9ի երեկոյեան ժամը 5:30ին, Ֆրեզնոյի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Չարլի Քէյեան համագաղութային հայ վարժարանի
ամավերջի հանդէսը, ներկայութեամբ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Վահան քհնյ. Կոստանեանի, հոգաբարձութեան անդամներուն եւ մեծ թիւով ծնողներու ու բարեկամներու: Տէր հայրը,
հանդէսին բացումը «Զգործս ձեռաց մերոց» աղօթքով կատարելէ ետք, ամերիկեան դրօշին առջեւ տեղի ունեցաւ «Հաւատարմութեան խոստումը»:
Ապա տնօրէնուհի Սոֆի Մխիթարեան բարի գալուստի խօսքը փոխանցեց ներկաներուն, իսկ բժիշկ Վաչէ Վասիլեան՝ հոգաբարձութեան ատենապետը, հանգամանօրէն
անդրադարձաւ դպրոցի արձանագրած յաջողութիւններուն եւ կատարուած աշխատանքներուն: Իր խօսքը ուղղելով տնօրէնութեան, ուսուցչական կազմին եւ դպրոցին շուրջ
բոլորուած անձնուէր մարմիններուն ու անհատներուն՝ ան ըսաւ. «Կը խոնարհիմ ձեր կատարած աշխատանքին առջեւ եւ նորանոր յաջողութիւններ կը ցանկամ բոլորիդ», ապա
ծնողներուն դառնալով՝ յարեց. «Իրապէս գերգնահատելի է ձեր զոհողութիւնը՝ ձեր զաւակները հայկական դպրոց ղրկելով: Մեր խորին շնորհակալութիւնները կը յատնենք նաեւ բոլոր
անոնց, որոնք իրենց նիւթական եւ բարոյական օժանդակութեամբ եւ ամէնօրեայ ներկայութեամբ մեզ քաջալերեցին, ինչպէս նաեւ յատուկ շնորհակալութեան խօսք՝ Ամերիկայի
Միացեալ Նահանգներու կառավարութեան, որ մեզի ամէն տեսակի դիւրութիւններ կ՛ընծայէ»:
Տնօրէնութեան կողմէ բեմ հրաւիրուեցան եւ գնահատագիր ստացան դպրոցի օժանդակ մարմիններն եւ հոգաբարձութեան նախկին ատենապետ Արա Քերքեզեանը:
Աշակերտներուն կողմէ պատշաճ յատագիր մը գործադրուեցաւ՝ մասնակցութեամբ նախամանկապարտէզի, մանկապարտէզի եւ նախակրթարանի աշակերտներուն, որոնք իրենց
պարերով, երգերով եւ արտասանութիւններով ներկաները խանդավառեցին, իսկ դպրոցի փողային նուագարաններու խումբը, «Իմ չինարի եարը» եւ «Գնա, գնա» երգերով իր
մասնակցութիւնը բերաւ:
Զ. դասարանէն հետեւեալ աշակերտները վկայական ստացան. Էլենա Գոդումեան, Յակոբ Մարտիրոսեան, Էնթընի Թաշճեան, Էրտի Պարդոն, Ալեքսանտր Յարութիւնեան եւ Սօսի
Պալոյեան: Իւրաքանչիւր աշակերտ, վկայականը ստանալով՝ անգլերէնով շնորհակալութեան իր խօսքը յայտնեց տնօրէնութեան եւ ուսուցչական կազմին՝ երբեմն հայերէն
նախադասութիւններ մէջբերելով:
Այս առիթով, «Չարլի Քէյեան» վարժարանի հոգաբարձութիւնը իր երախտագիտութիւնը յայտնելով՝ բեմ հրաւիրեց տնօրէնուհի Սոֆի Մխիթարեանը եւ իր անձնուէր ու անսակարկ
զոհողութեան համար, յատուկ գնահատագիրով զայն պարգեւատրեց, նաեւ տնօրէնութեան գրասենեակը կոչուեցաւ Սոֆիա Մատթէոսեան-Մխիթարեան՝ տնօրէնուհիին անունով:
Հանդիսութեան իրենց սրտի խօսքը փոխանցեցին հոգաբարձութեան անդամներէն բժիշկ Վաչէ Վասիլեան (հայերէն) եւ Սրբուհի Մսըրլեան (անգլերէն):
Տնօրէնութիւնն ու ուսուցչական կազմը 2010-2011 տարեշրջանի իրենց աշխատանքներն ու գործունէութիւնը պատկերազարդ հրատարակած էին յատուկ գիրքով: Յայտագիրի
վերջաւորութեան, Եռագոյն դրօշին առջեւ տեղի ունեցաւ «Հաւատարմութեան խոստումը» եւ «Երեւան-Էրեբունի» երգով վերջ գտաւ ամավերջի հանդէսը: