(Ձօն՝ Հայր Շնորհք, Հայր Պօղոս, Հայր Պետրոս ու Հայր Յովհաննէս աբեղաներուն, իրենց ձեռնադրութեան եւ օծման առիթով)

ՏՏ Գարեգին Ա. կաթողիկոս Յովսէփեանց մեծի տանն Կիլիկիոյ եռամեծ կաթողիկոսին հետ առնչուող յուշերէն մէկը կը մխթէ զիս գրելու այն յիշարժան վայրկեանին մասին, երբ մեծահոգի այս հոգեւորականը դարձեալ տագնապելով մեր եկեղեցւոյ ու ազգի ապագայ ճակատագիրով, սրտաբուխ արարքի կը դիմէ:
Սոյն տողերը կ՛արձանագրուին այն միջոցին, երբ մեծի տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան միաբանութիւնը չորս նորագիր ուխտեալներու նոր դասակ կ՛աւելցնէ իր զինուորեալ խումբին, երբ մեր դպրեվանքը յաջողութեամբ կը բոլորէ իր 81րդ կրթական-ուսումնական տարեշրջանը, եւ երբ մեծի տանն Կիլիկիոյ հայրապետական Սուրբ Աթոռը ազգային թէ միջազգային հարթակներու վրայ նուաճումներ կ՛արձանագրէ, ներս թէ դուրս:
Այսօր աւելի քան 80 տարիներու յետադարձ ակնարկով կը դիտենք անցեալը, երբ անձնդիր հոգեւորականներու հաւատքի կամքով իր դռները բացաւ Անթիլիասի դպրեվանքը, ուր մարդու պատրաստութեան քուրային մէջ նետուեցան հում հոգիներ, կարճ ժամանակ ետք իբրեւ լաւապէս թրծուած աղիւս, յարկ առ յարկ կառուցելու համար ընդհանրապէս Հայ Եկեղեցւոյ, ու մասնաւորաբար մեծի տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան հոգեւոր շէնքը: Հայ կեանքի աշխարհատարած ովկիանոսին մէջ, աննիւթեղէն ու հեքիաթային կղզիներու պէս փայլփլող աշխատանքը մեծի տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան, մայրավանքէն թէ թեմական շրջագծէն ներս, Անթիլիասի դպրեվանքին մէջ կազմաւորուած հոգեւորականներուն անդուլ ջանքին ու տքնութեան արդիւնքն է:
Այդ նուիրեալ, հաւատաւոր, անձնուրաց եւ ինքնազոհ անձերէն մէկն էր երանաշնորհ ՏՏ Գարեգին Ա. Յովսէփեանց վեհափառը: Մահուան սնարին մէջ իսկ, Անթիլիասի վեհարանի յարկին տակ, իր վերջին խօսքը եղած է «Ի՞նչ պիտի լինի մեր եկեղեցու ապագան»:
1942ի 7 Ապրիլին, Երեքշաբթի օր, Անթիլիասի դպրեվանքի տեսուչ Շնորհք վրդ. Գալուստեան Լիբանանէն կը հեռագրէ, յատուկ առաքելութեամբ Միացեալ Նահանգներ գտնուող Դերենիկ Վրդ. Փօլատեանին, շուտափոյթ օգնութիւն խնդրելով դպրեվանքին համար: Նոյն բովանդակութեամբ հեռագիր կը ղրկէ նաեւ Կաթողիկոսական տեղապահ տ. Եղիշէ արք. Կարոյեան: Հեռագիրները սապէս կը կարդացուէին. «Դպրեվանքը պիտի ստիպուինք փակել. նիւթական անձուկ կացութեան ենթարկուած ենք»: Հայր Դերենիկ իր օրագիրին մէջ կ՛արձանագրէ, թէ Ամերիկա հասնելէն ի վեր, արդէն հինգ հազար տոլար մաս առ մաս ղրկած է Անթիլիաս:
Հեռագիրը առնելուն պէս, հայր Դերենիկ կը դիմէ հայրապետական նուիրակ՝ Գարեգին սրբազանին, որ երեք տարիներ ետք Կաթողիկոս պիտի ընտրուէր Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Սուրբ Աթոռին: Հայր Սուրբը կը յայտնէ սրբազանին, թէ անցնող օրերուն կրցած էր հինգ հարիւր տոլար եւս հանգանակել ի նպաստ դպրեվանքին. «Պէտք է օգնենք, այդ մեր սրբազան պարտականութիւնն է» կը գրէ ան, իր օրագիրի սուղ էջերուն մէջ: Սակայն այդ գումարով ի՞նչ կարելի էր ընել: Ուստի Գարեգին սրբազանին օգնութեան կը դիմէ:
Հայ եկեղեցին ու ժողովուրդը իր մշակոյթով պաշտամունքի առարկայ դարձուցած Գարեգին Յովսէփեանց, մահուան բօթի պէս կ՛ընդունի դպրեվանքին փակման վտանգին առջեւ գտնուելուն լուրը: Ապա, իմանալէ ետք թէ հայր սուրբը յաջողած է հինգ հարիւր տոլար հանգանակել, ինք ալ իր ունեցած անձնական ամբողջ գումարը՝ 700 տոլարը հանելով, անոր մէջէն 500ը կը յանձնէ հայր սուրբին: Տիպար, անշահախնդիր, իր առաքելութեան հաւատարիմ, ու աւետարանական սկզբունքներուն համոզումը ունեցող հոգեւորականի ազնուութեան չափանիշ էր Յովսէփեանցի այս արարքը անկասկած: Ապա, ան յուզուած կը վճռէ.
– Հեռագրի՛ր շուտով. «Ուղարկում ենք հազար տոլար. քիչ ժամանակ ետք ե՛ւս հազար տոլար: Չպէտք է ո՛չ մի կերպով փակէք դպրեվանքը»:
Յովսէփեանց նաեւ քաջալեր հանդիսացած է թշուառացած հայ մտաւորականներու, նիւթապէս օժանդակելով, մեղմելու համար առօրեայ ապրուստ ճարելու անոնց մտահոգութիւնը: Դպրեվանքին մասին գրուած այս յուշերէն կÿիմանանք նաեւ, որ իր մօտ մնացած 200 տոլարն ալ, ան կը ղրկէ մեծանուն գրագէտ Արշակ Չօպանեանին: Տարբերութիւն կա՞յ միթէ Աւետարանի Այրի Կնոջ դրուագին մէջ արձանագրուած «իր ամբողջ ունեցածը նուիրեց» տողին եւ Գարեգին Յովսէփեանցի արարքին միջեւ:
Հայ հոգեւորականին պատրաստութիւնը, Աստուծոյ, եկեղեցւոյ, ազգին ու մշակոյթին ընծայուած իբրեւ երախայրիք, ամէն բանէ վեր դասած է Յովսէփեանց: Հոգեւորականի կազմաւորման նկատմամբ բծախնդիր այս վերաբերումին մէջ ամփոփուած կան իր անպարտելի կամքն ու ապագայատեսիլ երազները, որոնցմէ ոմանց կրցաւ մարմին տալ իր կաթողիկոսական գործունէութեան տարիներուն, երբ «Հոգեւոր Կիլիկիա»ն ստեղծեց Անթիլիասի մէջ, մշակութային աննախադէպ խանդավառութեամբ, հակառակ իր յառաջացեալ տարիքին:
Անթիլիասի հոգեւոր տունը, իր շուրջ համախմբուած բուռ մը միաբանութեամբ, Յովսէփեանց բարձրացուց Դպրոցի (Շքօլա) մակարդակին, որուն հետեւեցան շատեր: Ոմանք իր գրական, պատմա-բանասիրական, մանրանկարչական ու այլ գիտութեանց հարուստ պաշարէն օգտուեցան, ուրիշներ իր հռետորական ու հայրենասիրական զգացումներէն ազդուեցան: Ի վերջոյ Դպրոցը ունեցաւ իր մեծ ուսուցչապետը, եւ անկէ սերած ուսուցիչները, որոնց շատ բան կը պարտի այսօր մեծի տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը:
Կոստանդնուպոլսոյ Հայոց պատ-րիարքական աթոռին հովանաւորութիւնը վայելող պոլսահայ գաղութին բացառիկ յարգանքը եւ հոգածութիւնը հանդէպ իր հոգեւորականութեան, բացայայտ օրինակ է այն հաւատքին, վստահութեան ու յոյսին, զոր մեր ժողովուրդը կ՛ակնկալէ իր եկեղեցիէն: Իցի՜ւ թէ վարակ դառնար անիկա աշխարհով մէկ սփռուած հայութեան կեանքին մէջ, պատրաստուած հայ հոգեւորականներ ունենալու խթան հանդիսանալով միաժամանակ: Արժեչափերու բաղդատականը պէտք չէ՛ վհատեցնէ հայ երիտասարդը, կաշկանդելով անոր քայլերը, դէպի Աստուծոյ, եկեղեցւոյ ու մեր ժողովուրդի ծառայութեան նուիրական ասպարէզ ուղղուելու իր որոշման մէջ: Դանդաղիլը այս պարագային, ու մանաւանդ սխալիլը, վճռորոշ հետեւանքներ կրնան ունենալ, որոնց նախանշանները դժբախտաբար կ՛երեւին արդէն հորիզոնին վրայ:
Յարափոփոխ ու յառաջադէմ այս աշխարհը չի՛ թոյլատրեր, որ յատկապէս երիտասարդութեան ազատութիւնը մամլակի մէջ սեղմուի, կամ անոր պարտադրուի անցեալէն եկող արմատաւորուած մտածողութեան ձեւաչափ: Սակայն, եկեղեցին, իբրեւ կեանքին մաս կազմող ու հնութիւն չճանչցող առաքելութիւն, միշտ պատրաստ է վերանորոգուելու, իր երիտասարդութեան կողմէ բանաձեւուող գաղափարներով:
Պատրաստուած հոգեւորականներ կազմաւորելու հնարաւորութիւն ունեցող հաստատութեան տեսիլքը ունէր իր աչքերուն մէջ Գարեգին Յովսէփեանց, երբ իր փոքրիկ խնայողութենէն սրտաբուխ նուիրաբերում կը կատարէր Անթիլիասի դպրեվանքին: Այնուհետեւ, երբ Կաթողիկոսական գահուն պիտի բազմէր, ո՛չ թէ 500 տոլար, այլ 500 միլիառի իսկ անգնահատելի ոգի՛, ներշնչո՛ւմ, հրա՛յրք ու բո՛ց պիտի բերէր իր հետ Անթիլիաս, անով վառելու համար մեծի տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան գիշերապահի մշակութային աննիւթեղէն անմար ջահը:
Այդ ջահուն ջահակիրը եղաւ Գարեգին Ա. Կաթողիկոս մինչեւ իր ալեփառ վախճանը Մայրավանքի կամարներուն ներքեւ: Հայ գրչագիրներու դեղնաւուն էջերուն վրայ հակած այս ծանր գլուխը գիտցա՛ւ ե՞րբ եւ ինչպէ՞ս բարձրացնել զայն, ու նայիլ նորահաս սերունդին, անոր հոգիին մէջ ցանելու համար իսկական արժէքներուն իմացումը: Այսօր մեր Մայր Տաճարին մէջ ձեռնադրուող իւրաքանչիւր նորընծայ աբեղայի հոգիին մէջ մասնիկ մը Յովսէփեանցի շունչէն կը ծնի: Սերունդներ կը թաւալին ու կ՛անցնին, սակայն անոր շունչը տակաւին կը թեւածէ մեր Սուրբ Աթոռին վերեւ:
Այսօրուան աշխարհին յայտնի դժուարութիւններէն եկող նիւթա-բարոյական մտահոգութիւնները, երբեմն վախազդու քամիի պէս կը սուլեն սպառնագին: Սակայն մեր ականջին մէջ սրինգը չի՛ դադրիր փչելէ բարեձայն կոչը Յովսէփեանցի, որ վճռական իր երաժշտութիւնը հայրական քաղցրութեամբ կը շարունակէ նուագել, գօտեպնդելով ամէնքս.
_ Չպէտք է ո՛չ մի կերպով փակէք Դպրեվանքը:
Այս վճռական որոշումէն անցած են 69 տարիներ: Չկա՛յ Գարեգին Յովսէփեանց կաթողիկոսը, չկա՛ն նաեւ շա՜տ ուրիշներ, սակայն վեհափառին ազնուութեան թթխմորը խմորած է ամբողջ զանգուածը մեր ալիւրին, եւ բաց են դպրեվանքին յոյսի դռները, լոյսի՛ հաց մատակարարելու մեր կեանքին:
ԳՐԻԳՈՐ Ծ. ՎՐԴ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ
19 Յունիս 2011
Մայրավանք Անթիլիաս