
ՊԱՔՈՒ.- Ատրպեճանական «Էյ. Փի.Էյ.» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, թէ Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարի օգնական Ալեքսանտր Վերշպրու Ուաշինկթընի Միջին Արեւելքի հիմնարկին մէջ կազմակերպուած խորհրդաժողովի ընթացքին յայտարարած է, որ Միացեալ Նահանգներ պիտի շարունակէ համագործակցիլ Թուրքիոյ հետ եւ աջակցիլ Հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղութեան ապահովման ուղղուած ջանքերուն։
«Մենք վռճականօրէն կ՛աջակցինք Թուրքիա-Հայաստան մերձեցման գործընթացին, ինչպէս նաեւ՝ տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան ապահովման ուղղուած բոլոր ջանքերուն», ըսած է ան։
Խորհրդաժողովին ընթացքին խօսք արտասանած է նաեւ Թուրքիոյ վարչապետի խորհրդական Իպրահիմ Քալըն, որ ընդգծած է, թէ Թուրքիոյ համար Հարաւային Կովկասի մէջ եւ հարեւան այլ տարածաշրջաններուն մէջ գոյութիւն ունեցող հակամարտութիւններու կարգաւորումը առաջնահերթութիւն է։
Ան նշած է, որ Անգարան յոյսով է, որ Հարաւային Կովկասի մէջ դիւանագիտական աշխուժութիւնը պիտի հասցնէ ղարաբաղեան հիմնախնդրին մէջ շօշափելի զարգացումներու, ինչ որ, իր կարգին, պիտի նպաստէ Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին։