ՆՈՒՊԱՐ ՏԷՄԻՐՃԵԱՆ
Նախաձեռնութեամբ Սան Ֆրանսիսքոյի Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան «Ն. Աղբալեան» մասնաճիւղի, Շաբաթ Յունիս 18ին տեղի ունեցաւ, աւանդութիւն դարձած տարեկան գեղարուեստական ցերեկոյթը, Սան Ֆրանսիսքոյի կեդրոնական շրջաններէն՝ «Union Square Plaza» հրապարակին վրայ:
Հայ մշակոյթը, հայերու կողքին, նաեւ հազարաւոր օտարներու ներկայացնելու լաւագոյն եւ մեծապէս գնահատելի ձեւերէն մէկն է, որ որդեգրած է «Համազգային»ի «Աղբալեան» մասնաճիւղի վարչութիւնը:
Նկարներու ցուցադրութիւնը սկսաւ առաւօտեան ժամը 9ին ու տեւեց մինչեւ երեկոյեան ժամը 5, իսկ յետմիջօրէին՝ ժամը 1էն մինչեւ 3, տեղի ունեցաւ հայկական պարերու հոյակապ շարք մը:
Հրապարակին վրայ տեղադրուած էին 60է աւելի իւղանկարներ եւ ջրանկարներ. դիմանկարներու եւ տեսարաններու այլազան ու ճոխ հաւաքածոյ մը, պատրաստուած՝ հայ արուեստագէտներու կողմէ, որոնք մեծ հետաքրքրութիւն ստեղծեցին եւ գնահատուեցան հայ թէ օտար, տեղացիներու եւ զբօսաշրջիկներու կողմէ:
Նկարներու ցուցադրութեան իրենց մասնակցութիւնը բերած էին, Սան Ֆրանսիսքոյի եւ շրջակայքի յայտնի հայ արուեստագէտներ՝ Արմէն Շուշանեան, Ժանէթ Շահգարամի, Զարմինէ Աղազարեան, Թէնի Իսախանեան եւ Օլեկ:
Հայկական պարերու շարքը սկսաւ «Համազգային»ի «Արազ» մանկապատանեկան պարախումբով, որ ներկայացուց չորս հայկական պարեր՝ «Երեւանի Սիրուն Աղջիկ», «Սեւանի», «Նունէ» եւ «Նազ Պար», ղեկավարութեամբ՝ պարարուեստի մէջ երկար տարիներու վաստակ ունեցող, տաղանդաշատ պարուսոյց՝ Անի Այանեանի:
Ապա հայկական պարերու ճոխ յայտագիրը շարունակուեցաւ, դարձեալ «Համազգային»ի «Արաքս» պարախումբի ելոյթներով, բեմադրութեամբ եւ ղեկավարութեամբ բազմավաստակ արուեստագէտ, պարուսոյց՝ Նոյեմի Արաքսի: «Արաքս» պարախումբը ներկայացուց 5 պարեր՝ Խ. Աւետիսեանի «Ճերմակ Աղաւնի»ն, մենակատարութեամբ Լենա Տաքէսեանի, ժողովրդային «Նայիրի» պարը, մենակատարութեամբ Սաթենիկ Յարութիւնեանի, Խ. Աւետիսեանի «Ծաղկած Բալենի»ն, մենակատարութեամբ Նայիրի Գույումճեանի, ժողովրդային «Ուզունտարա»ն պար, մենակատարութեամբ Նայիրի Գույումճեանի եւ դարձեալ ժողովրդային պար՝ «Շալախօ»ն, մենակատարութեամբ Լենա Տաքէսեանի:
Յայտագիրի ընթացքին ելոյթներ ունեցան Մաթօ Սենեքերիմեան եւ Ռուբինա Գասպարեան, անոնք բարի գալուստի խօսքերէն ետք, նաեւ հակիրճ բացատրական տեղեկութիւններ տուին ներկայ բազմահարիւր հանդիսականներուն, ընդհանրապէս հայ մշակոյթին, եւ մասնաւորաբար հայկական պարերուն ու հայկական պարի տարազներուն ու գոյներուն իւրայատկութիւններուն մասին:
Յայտագիրի աւարտին ելոյթ ունենալով, «Համազգային»ի «Ն. Աղբալեան» մասնաճիւղի վարչութեան ատենապետուհի Եսթեր Իսհակ իր ջերմ գնահատական ու շնորհակալական խօսքերը արտասանեց բոլոր պարողներուն, պարուսոյցներուն, մենակատարներուն, արուեստագէտ նկարիչներուն եւ բոլոր անո՛նց, որոնք սատար հանդիսացան «Համազգային»ին պատիւ բերող սոյն ձեռնարկին: Ապա, առ ի գնահատանք, տեղի ունեցաւ ծաղկեփունջերու տուչութիւն, ձեռամբ ատենապետուհի Եսթեր Իսհակի: