Գոհունակութեամբ կ՛ուզենք յայտարարել, որ Ազգային Վարժարաններու Խնամակալ Մարմինը դոկտ. Ալինէ Դուրեանը նշանակեց Ռոզ եւ Ալէք Փիլիպոս ազգային վարժարանի տնօրէն։
Դոկտ. Դուրեան կենսագիտութեան բնագաւառին մէջ պսակաւոր արուեստից վկայականը ստացած է UCLA համալսարանէն, իսկ հանրային առողջապահութեան մարզին մէջ դոկտորական տիտղոսով վկայուած է «Ճոնզ Հափքինզ» համալսարանէն։
Դոկտ. Ալինէ Դուրեան երկար տարիներ եղած է կրթական մշակ, ինչպէս նաեւ բազմաթիւ յատկացումներու եւ ծրագիրներու վերակազմակերպման եւ զարգացման վերահսկիչ։ Վերջին ութ տարիներուն, դոկտ. Դուրեան UCLA համալսարանի հանրային առողջապահութեան եւ աղէտներու կեդրոնէն ներս կը պաշտօնավարէ իբրեւ դասախօս եւ օգնական տնօրէն։ Ան իբրեւ դասախօս կը պաշտօնավարէ նաեւ Loma Linda համալսարանէն ներս, ինչպէս նաեւ նահանգի ու տեղական հանրային առողջապահութեան բաժանմունքներուն եւ կառավարական հաստատութիւններուն մօտ ուսուցող եւ վարժեցնող մասնագէտ է։ Դոկտ. Դուրեան իր մանկամսուրի եւ միջնակարգի ուսումը ստացած է Ռոզ եւ Ալէք Փիլիպոս ազգային վարժարանէն, իսկ երկրորդական ուսումը Սրբոց Նահատակաց Ֆերահեան ազգային վարժարանէն։ Պատանեկան ու երիտասարդական տարիներուն ան եղած է Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութեան (ՀԵԴ) եւ Հայ Մարմնակրթական Ընդհանուր Միութեան (ՀՄԸՄ) գործունեայ անդամ։ Իսկ վերջին երկու տարիներուն ան մօտէն աշխատած է ազգային վարժարաններուն հետ՝ վերատեսութեան ենթարկելով ու կազմակերպելով հաւանական վտանգներու նախապատրաստութեան եւ զանոնք դիմագրաւելու անհրաժեշտ միջոցառումներու ծրագիրները։
Այս նշանակումին անդրադառնալով Խնամակալ Մարմնի ատենապետ Մարք Կէտիկեան կ՛ըսէ՝ «Ազգային Վարժարանները եւ յատկապէս Ռոզ եւ Ալեք Փիլիպոս ազգային վարժարանը ծանօթ միջավայր են դոկտ. Ալինէ Դուրեանի համար։ Ան երկար տարիներ առնչուած է մեր վարժարաններուն հետ եւ գործնապէս մասնակից եղած է մեր համայնքի հաւաքական կեանքին։ Բարձր համարում ունինք դոկտ. Դուրեանի վարչական եւ ուսումնական կարողութեան վրայ։ Նկատի ունենալով անոր ուսումնական պատրաստութիւնն ու լայն փորձառութիւնը, կը հաւատանք որ ան պիտի կարողանայ նոր մակարդակներու հասցնել Ռոզ եւ Ալեք Փիլիպոս ազգային վարժարանի մեր աշակերտներուն ուսումնական զարգացումը։ Հայկական համայնքին գծով անոր ունեցած ծանօթութիւնն ու նուիրումը, ինչպէս նաեւ ուսումնական բարձր պատրաստութիւնը կը հաստատեն, որ ան յարմարագոյն թեկնածուն է այս պաշտօնին համար»: Կէտիկեան եզրափակելով իր խօսքը կ՛ըսէ. «Մեր խոր համոզումն է, որ ուսուցչական կազմի, վարժարանի Ուսումնական Մարմնին, յանձնախումբերուն եւ տեղական մարմիններուն գործակցութեամբ ու միասնական աշխատանքով դոկտ. Դուրեան պիտի յաջողի շարունակել Ռոզ եւ Ալէք Փիլիպոս ազգային վարժարանի յառաջընթացը»։
Ի սրտէ կը շնորհաւորենք Դոկտ. Դուրեանը իր այս պատասխանատու պաշտօնին նշանակման առիթով։ Այս առիթով մեր շնորհաւորութիւնները կը փոխանցենք նաեւ Ռոզ եւ Ալէք Փիլիպոս Ազգային Վարժարանի մեծ ընտանիքին։