
ԱԹԷՆՔ, «Ազատ օր».- Աթէնքի մէջ տեղի ունեցող Ողիմպիական «յատուկ» մարզախաղերուն մասնակցութիւն կը բերէ Հայաստանի Հանրապետութեան պատուիրակութիւնը, որ կը բաղկանայ 8 հոգիէ, գլխաւորութեամբ Հայաստանի «Յատուկ Ողիմպիական» ազգային խումբի ղեկավար Արտակ Իսրայէլեանի, չորս մարզիկներու, երկու մարզիչներու եւ ուղեկցող անձի:
Հայրենի մարզիկները արդէն կը մասնակցին մարզախաղերու դասաւորման նախնական մրցումներուն, աթլեթիքս եւ լող մարզաձեւերէն ներս: Անոնք են՝ Սուրէն Փալասանեան եւ Սպարտակ Յակոբեան (աթլեթիքսի մէջ), Նոնա Արոյեան եւ Տիգրան Գէորգեան (լողի մէջ):
«Ազատ Օր»ի խմբագրութեան հետ զրոյցին ընթացքին, խումբի ղեկավար Արտակ Իսրայէլեան յայտնեց թէ մարզիկները հոգեկան բարձր տրամադրութեամբ եւ խանդավառութեամբ կը կատարեն իրենց մրցումները, որ գրեթէ ամէնօրեայ են, մինչեւ դասաւորման վերջին հանգրուան: Նախաւարտական եւ աւարտական մրցումները նախատեսուած են շաբաթավերջին: Աթէնքի Ողիմպիական յատուկ մրցումներուն, մասնակիցներու աննախադէպ մեծ թիւ արձանագրուեցաւ՝ 185 երկիրներէ ժամանած ընդհանուր 7.040 մարզիկներու, 2.089 մարզիչներու թիւ մը համախմբելով: Յունական պատուիրակութիւնը կը հաշուէ 347 անդամ, իսկ մարզիկներու մեծամասնութիւնը մասնակցութիւն կը բերէ ոտնագնդակի մարզաձեւին՝ 1.367 մարզիկներով: Կը յաջորդեն՝ աթլեթիզմը՝ 1.043, կողովագնդակ՝ 715 եւ լող՝ 660: