
ՄԱՐԻ ԳԱՐԱԼԵԱՆ
Հայ ամերիկեան տարեցներու միութեան Էնսինոյի մասնաճիւղի հերթական ճաշկերոյթը, որ տեղի ունեցաւ «Ֆերահեան» վարժարանի «Տիգրանեան» սրահին մէջ, ներկայութեամբ 49 անդամներու, նուիրուած էր Մայրերու օրուան եւ Մայիս 28ի տօնակատարութեան: Ճաշը հովանաւորած էին տէր եւ տիկին Ներսէս եւ Անահիտ Պէրպէրեաններ՝ իրենց ծնողաց յիշատակին եւ Տէկիրմէնճեան, Տարագճեան, Գնաճեան, Վանեան ընտանիքներու ննջեցելոց հոգիներուն համար:
Ամերիկեան եւ հայկական քայլերգներու նուագներուն ունկնդրութենէն ետք, Ռազմիկ քհնյ. Խաչատուրեան, օրհնելով հոգեճաշը՝ յատուկ աղօթք մատուցեց վերջերս մահացած միութեան անդամ Եզեկէլ Պարտիզպանեանի եւ Հայ ամերիկեան տարեցներու միութեան կեդրոնական վարչութեան անդամ Աւօ Այվազպաշեանի յիշատակին:
Ապա ատենապետ Սուրէն Գահվէճեան հրաւիրեց ներկաները յոտնկայս յարգանքի տուրք մատուցելու համար: Ճաշի մատուցումէն ետք կատարուեցաւ Մայրերու օրուան նուիրուած յայտագիրը: Ատենապետը հրաւիրեց անդամուհի Շողիկ Պետրոսեանը, որ ասմունքեց Յ. Շիրազի «Մայրս» բանաստեղծութիւնը: Ապա, յաջորդաբար, ասմունքեցին վարչականներ Վարդուհի Սեմերճեան (Պարոյր Սեւակի «Մօր Ձեռքերը») եւ Լուսին Թաշճեան (Յ. Շիրազի «Կշիռքը»): Նաեւ, միութեան անդամ Պետրոս Քէշիշեան արտասանեց Ա. Իսահակեանի «Հայրենիքէս հեռացել եմ» բանաստեղծութիւնը, իսկ ատենադպրուհի Մարի Գարալեան՝ իր հեղինակած «Մայրիկիս» եւ «Այսպէս են մայրերը» բանաստեղծութիւնները:
Յայտագիրը շարունակեց ատենապետը՝ հրամցնելով մայրերու նուիրուած շարք մը երգերու նուագները՝ ջութակով:
Յայտագիրի յաջորդ բաժինով ներկայացուեցաւ փոքրիկ զաւեշտ մը, որուն մէջ դերեր ստանձնած էին Անժէլ Սեփեթճեան (մայրիկ), Ալիս Խաչատուրեան (հարսնցու), Մարի Գարալփան (փեսա), Լուսին Թաշճեան (փեսայի հայր) եւ Մարի Հելվաճեան (միջնորդ): 15 վայրկեան տեւած զաւեշտը արժանացաւ բուռն ծափողջոյններու:
Ձեռնարկին յաջորդ բաժինը սկսաւ Մայիս 28ի յատուկ երգերով եւ ասմունքներով: Վիքթորիա Շաքարեան ընթերցեց «Այսօր տօն է՝ Մայիս 28» գրութիւնը, որուն հեղինակը անյայտ է: Ապա Անահիտ Աճունեան ասմունքեց Դանիէլ Վարուժանի «Լոյս» բանաստեղծութիւնը:
Վերջաւորութեան, ատենապետ Սուրէն Գահվէճեան, սկսելով «Ղարիպ ախպեր»ով՝ փունջ մը ազգային երգերով ճոխացուց մթնոլորտը: Անոր թմբուկով ընկերացաւ Վազգէն Սեփեթճեան:
Ներկաները իրենց խանդավառութիւնը յայտնեցին՝ սրտաբուխ նուէրներ կատարելով միութեան հիմնադրամին: Ապա կատարուեցաւ վիճակահանութիւն եւ ներկաները մեկնեցան ուրախ տրամադրութեամբ: