ԵՐԵՒԱՆ, «Թերթ».- Վարչապետ Տիգրան Սարգսեանի վերահսկողական ծառայութիւնը «Մէկ ազգ, մէկ մշակոյ»չ հիմնադրամի ստուգումները իրականացուցած եւ յայտնաբերած է բազում խախտումներ: Այս մասին Չորեքշաբթի 6 Յուլիսին տեղի ունեցած մամլոյ ասուլիսի ժամանակ յայտարարած է սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան:
Ինչպէս յայտնի է, հիմնադրամի նախկին ղեկավար Թամար Պօղոսեանի եւ նոյն հիմնադրամի հոգաբարձուներու խորհուրդի նախագահ Հրանոյշ Յակոբեանի միջեւ լարուածութիւն յառաջացած էր: Թամար Պօղոսեանը նախարարին ներկայացուցած էր մեղադրանքներ, որուն ի պատասխան հակադարձ մեղադրանքներով հանդէս եկած էին սփիւռքի փոխնախարարն ու «Մէկ ազգ, մէկ մշակոյ»չ հիմնադրամի հոգաբարձուներու խորհուրդի անդամները: Ի վերջոյ՝ Թամար Պօղոսեան հիմնադրամի ղեկավարի պաշտօնէն հրաժարական ներկայացուցած էր: