ՊՈԼԻՍ.- Թրքական «Սապահ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ ամիսներ առաջ Պոլսոյ հայկական Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ հիմնադրամի ղեկավար կազմի ընտրութիւններուն մասնակցած 604 անձերուն դէմ դատական գործ սկսած է՝ «պաշտօնական փաստաթուղթեր կեղծելու» մեղադրանքով։ Ըստ օրաթերթին, ընտրութիւններուն շուրջ լուրջ վիճաբանութիւն տեղի ունեցած է հիմնադրամը ղեկավարող 86ամեայ Ափիկ Հայրապետեանի եւ անոր մրցակիցի կողմնակիցներուն միջեւ, եւ իբրեւ արդիւնք, ընտրութիւնները մէկ ամիսով յետաձգուած էին։
Փետրուարին տեղի ունեցած ընտրութիւններուն հերթական յաղթանակ արձանագրած էր 26 տարի շարունակ նշեալ հիմնադրամը ղեկավարող Ափիկ Հայրապետեանը։ Սակայն Ընտրական խորհուրդի նախագահ Արա Ըշըթման ընտրական գործընթացին ժամանակ արձանագրած է խախտումներ եւ դիմած է դատախազութեան։ Ան կը պնդէ, որ ընտրութիւններուն, որոնց ըստ ընտրական կարգի, պէտք է մասնակցէին միայն Պոլսոյ Պէյօղլու շրջանի հայերը, մասնակցած են այլ շրջաններէ եւ թաղամասերէ 604 անձեր։
Ընտրական խորհուրդի նախագահին խօսքով, ընտրութիւններու ժամանակ այդ 604 անձերը յատուկ նպատակով բերուած էին Պոլսոյ Սամաթիա, Եշիլքէօյ եւ Պաքըրքէօյ շրջաններէն։ Իսկ վերջիններս ընտրութիւններուն մասնակցելու համար, ներկայացած էին իբրեւ Պէյօղլուի բնակիչներ։
Թրքական դատախազութեան կողմէ կատարուած հետաքննութեան արդիւնքով, Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ հիմնադրամի Ընտրական խորհուրդի նախագահ Արա Ըշըթմանի պնդումները հաստատուած են։ Այժմ դատական գործ մը սկսած է պոլսահայ համայնքէն 604 անձերու դէմ:
«Սապահ» կը գրէ, թէ անոնցմէ իւրաքանչիւրին կը սպասէ 2էն 5 տարուան բանտարկութիւն՝ «պաշտօնական փաստաթուղթեր կեղծելու» մեղադրանքով: