ՊԱՔՈՒ.- Թուրք նախկին դեսպան Էօմեր Լիւթեմ ատրպեճանական «ԱՓԱ» լրատու գործակալութեան հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտարարած է, որ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի վերջին յայտարարութիւնը, անկասկած, որ ազդեցութիւն պիտի ունենայ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ խաղաղ գործընթացին վրայ, եթէ այս վերջինս դեռ գոյութիւն ունի։
Ընդգծելով, որ նախագահ Սարգսեան եւս չի հաւատար խաղաղ գործընթացի շարունակութեան՝ թուրք փորձագէտը ըսած է, որ Հայաստանի նախագահը արդէն մէկ տարի է ի վեր հանդէս կու գայ կոշտ յայտարարութիւններով, կը փորձէ Թուրքիան մեղադրել արձանագրութիւններու տառին եւ ոգուն հաւատարիմ չմնալուն համար, կը պահաջնէ առանց նախապայմաններու վաւերացնել արձանագրութիւնները եւ կ՛ըսէ, թէ այդ փաստաթուղթերը որեւէ առնչութիւն չունին ղարաբաղեան հիմնախնդիրի կարգաւորման հետ։
«Ես վստահ չեմ, որ հայ-թրքական խաղաղ գործընթացը դեռ գոյութիւն ունի։ Կրնանք ըսել, որ Սարգսեանը նոյնպէս ոչինչ կ՛ակնկալէ խաղաղ գործընթացէն, որովհետեւ գիտէ՝ Թուրքիոյ դիրքորոշումը երբե՛ք պիտի չփոխուի։ Բանը հասաւ անոր, որ Հայաստանի նախագահը յայտարարեց. «Ղարաբաղը մենք վերցուցինք, իսկ ապագայ սերունդներուն կը ձգենք Աղրը Տաղը (Արարատը)»։ Ինչո՞ւ Սարգսեանը այդպիսի բան կ՛ըսէ։ Այդ յայտարարութիւնը ներքին լսարանի համար է, որովհետեւ յաջորդ տարի Հայաստանի մէջ ընտրութիւններ տեղի պիտի ունենան», ըսած է հանգստեան կոչուած թուրք դիւանագէտը։