ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ԵՒ ՀԱՅ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԸ ԴԷՄ ԱՌ ԴԷՄ
ԳՐԻԳՈՐ Ծ. ՎՐԴ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ
Փոխյարաբերական կեանքի մէջ ուրիշին պատճառ դառնալուն ու չդառնալուն մէջ առհասարակ զգուշաւոր են մարդիկ: Ժամանակ առ ժամանակ աշխարհը ցնցող տնտեսական տագնապները պատճառ կը դառնան

որ բազմաթիւ անձեր անգործութեան մատնուին: Իսկ նոր գործի դիմումնագիր ներկայացնելու համար, դիմողներ ներկայ դարու պայմաններով, պէտք ունին կա՛մ նախկին աշխատավայրէն տրուած բարի վարուց վկայագիրի, եւ կամ՝ երաշխաւորի:
Նման կացութեան մէջ, երաշխաւոր դառնալիք անձեր մտավախութիւն կ՛ապրին յաճախ, ինչքան ալ մօտէն ճանչցած ըլլան այն մարդը, որուն մասին լաւ վկայութիւն տալէ բացի, պիտի երաշխաւորեն զայն: Ոմանք սկզբունքի վերածած են բնա՛ւ երաշխաւոր չըլլալ ուրիշին, նոյնիսկ եթէ անիկա իր հարազատ եղբայրն է, պարզապէս այն պատճառաբանութեամբ, որ մարդ արարածը անպայման կ՛ունենայ այնպիսի պահեր իր աշխատանքի ընթացքին, երբ իր անձը կառավարելու կարողութիւնը կը կորսնցնէ, ու այնպիսի վարմունք ցոյց կու տայ, որ երաշխաւորին անունը ու վաստակը կ՛արատաւորէ:
«Ուրիշին պատճառ չըլլալ» նախադասութիւնը նաեւ այլ նշանակութիւն ունի մեր լեզուին մէջ, որ է՝ «ուրիշին դժբախտութեան պատճառ չըլլալ»ը: Ասիկա աւելի տարածում գտած ըսելաձեւ է, որ յաճախ կÿօգտագործուի Արեւմտահայերէն լեզուին մէջ: Ասոր նման են նաեւ «ուրիշին մեղքը չմտնել», «ուրիշին արեան մէջ ձեռքը չթաթխել», «Ուրիշին մեղքը վիզը չառնել» եւ այլ նմանիմաստ արտայայտութիւններ, որոնք բոլորն ալ ուրիշին դժբախտութեան պատճառ չըլլալու նշանակութիւնը ունին:
Հոգեբանական երեւոյթներու շարքին կարելի է դասել այն, որ երբ մէկը իսկապէս պատճառ դարձած է ուրիշներու դժբախտութեան, ինչքան ալ քարսիրտ անձ ըլլայ, կը փորձէ ամոքել իր ներքին դժուարութիւնը, եւ հանդարտեցնել անհանգիստ խիղճը: Իսկ այս փորձը, անիկա կը կատարէ ո՛չ թէ ներողութիւն խնդրելու քաջ արարքով, այլ՝ իր կատարածները ուրիշին վրայ բեռցնելու երկրորդ, ու իր մեղքը աւելի ծանրացնող յանցանքով…: Այսպէս, երբ իր տուած սուտ վկայութեան իբրեւ հետեւանք մէկը կորսնցուցած է իր ապրուստի միակ ճամբան եղող աշխատանքը, խղճի խայթէ տառապողը խոստովանանքը չընտրեր իբրեւ սպեղանի իր կոտտացող ցաւին, այլ՝ կը փնտռէ մէկը, որուն շալակը տայ անցեալին իր գործած մեղքը: Ահա թէ ինչպէս, շատե՜ր այս կեանքին մէջ, անգիտակցաբար կը դառնան «քաւութեան նոխազ»: Յանցանքին հեռացումը մեր վրայէն, անոր ջնջումը կամ անհետացումը չի՛ նշանակեր բնաւ: Երկնային ամենատես Աչքը անքուն կը հետեւի այս խաղերուն, ի՛նչ հանգամանքի տէր ալ ըլլան զանիկա լաւապէս կազմակերպողներն ու խաղցողները:
Ոմանց այնպէս կը թուի, թէ կեանքի փորձառութիւն ունեցողները կամ մեծերն են որ կրնան կազմակերպել նման խաղեր: Սակայն, իրական կեանքը այլ պատկերներ ալ կը ներկայացնէ մեզի, որոնք ճիշդ հակառակը ցոյց կու տան: Նման պարագաներու, երբեմն փոքր ու կեանքի փորձ չունեցողն է որ կը կազմակերպէ վերոյիշեալ խաղերը, ու իր գործած յանցանքը վրայէն հեռացնելուն հետ, իր նկարագրային լաւագոյն գիծերն ալ վերջնականապէս կը փճացնէ ու կը թաղէ անյոյս:
Ամէն օր բարոյական նոր տագնապներ ապրող մարդկութիւնը, իր մորթին վրայ զգալով անոնց հետեւանքները, կարելի կազմակերպուածութեամբ մանուկներու դաստիարակութիւն կը կատարէ: Դպրոցներէ ներս կատարուած մանկավարժական նոր մեթոտներով դաստիարակութիւնը, երիտասարդ մայրերուն յղութեան ժամանակաշրջանին տրուած ուղղութիւնը եւ ապա՝ երեխային ծնունդէն ետք անոր տրուելիք խնամքը, նախազգուշական միջոցներ են, մարդկային ընկերութիւնը ազատելու հաւանական փորձանքներէ ու վտանգաւոր անհատներէ:
Մանուկներու դաստիարակութեան մէջ անուրանալի է մօր դերակատարութիւնը, որուն կատարած իւրաքանչիւր սխալը անպայման պիտի արտացոլայ հետագային մեծցող մանուկին կեանքի հայելիին մէջ: Ահա այս իմաստով է որ կ՛ըսուի. «Մայրը սխալելու իրաւունք չունի»: Բացայայտ իրողութիւն է, որ մանուկներ շատ դիւրաւ կ՛ընդօրինակեն իրենց մօր ո՛չ միայն շարժուձեւերը, այլ նաեւ բնաւորութիւնը: Վա՜յ այն մօր, որ անպատասխանատու իր մօտեցումով թոյլ կու տայ որ իր սեփական բնաւորութեան յոռի երեւոյթները դրոշմուին իր զաւակի նկարագրի լուսապաստառին վրայ:
Մօր տուած դաստիարակութեան կ՛ընկերանայ ու զանիկա կ՛ամբողջացնէ զաւակներուն տուած իր քաջալերանքը: Այդ քաջալերանքը սակայն, կրնայ երկու ուղղութեամբ ընթանալ. դէպի դրական եւ դէպի ժխտական: Դրականին լաւ ու գնահատելի ըլլալուն մասին ո՛չ մէկ կասկած: Սակայն դէպի վատ ուղղութեամբ տանելու միտող քաջալերանքը այլ արդիւնքի չի հասնիր, բայց միայն կործանման:
Սերունդներու դաստիարակութեան այնքան նպաստած բարոյալից պատմուածքը, որ հաւնոցէն հաւկիթ գողնալու չափ պարզ արարքի ներկայացումն է, ըստ երեւոյթին տակաւին շատերուն անհասկնալի մնացած է: Դրացիին հաւնոցէն հաւկիթ գողցող իր տղուն «քաջագործութիւն»ը քաջալերելով, մայրը պատճառ կը դառնայ որ ան աւելի մեծ գողութիւններու ձեռնարկէ, ու հասնի թագաւորին ձին գողնալու քրէական յանցանքին: Կախաղան բարձրանալէ առաջ, երբ երիտասարդ գողին վերջին փափաքը յայտնել կ՛առաջարկեն, կախաղանին քով արցունքոտ աչքերով կանգնած իր մայրը մօտը կանչել տալով, մահապարտ տղան անոր լեզուն կը խածնէ, որ պատճառ դարձած էր այդ տխուր վախճանին:
Եւ սակայն, խածնուած այդ լեզուն տակաւին դաս չէ եղած:
Այսօր ինչքա՜ն շատցած են այնպիսի մայրեր, որոնց լեզուն վաղո՜ւց խածնուած պէտք է ըլլար, որպէսզի դէպի ժխտական ու յոռի վարք առաջնորդող քաջալերանք չկատարէին իրենց ծնած զաւակներուն: Ընկերային կեանքի դժուարութիւններուն մեծ մասը, սխալ դաստիարակութեան ու տգիտութեան հետեւանք են: Բարոյալից պատմուածքին մէջ յիշուած դժբախտ երիտասարդին նման թշուառներով լեցուն է այսօրուան մեր ընկերութիւնը: Ոմանք իրենց զաւակներուն տունը կը քանդեն իրենց տուած սխալ դաստիարակութեամբ ու վատ խորհրդատուութեամբ: Ուրիշներ անոնց ուսման ու յառաջդիմութեան արգելք կը հանդիսանան, դարձեալ իրենց տուած ժխտական քաջալերանքով, երբ զանոնք ուսման մղելու փոխարէն, շուտով դրամ վաստակելու եւ ընտանիքին օգտակար հանդիսանալու խրատը կու տան: Կան նաեւ աւելի վատ օրինակներ, երբ իրենց վրէժխնդրութեան մասնակից դարձնելով իրենց զաւակները, զանոնք կը մղեն ոճիրի, քանդելով ո՛չ միայն անոնց ապագան, այլ նաեւ նկարագիրը:
Խածնուած լեզուն չէ՛ դադրած բարբառելէ մինչեւ այսօր, հակառակ արիւնլուայ ու ցաւագին իր վիճակին: Թերեւս անկէ հոսող արիւնը ցարդ խեղդած ըլլար ժխտական քաջալերանք կատարող անձը: Սակայն չարիքի հետամուտ մարդը ամէն կացութեան մէջ ալ գիտէ չար խորհուրդներով առաջնորդել նոյնիսկ իր հարազատ զաւակը, մինչեւ անոր կործանումը իր աչքերուն դիմաց…: