ԹԵՀՐԱՆ.- ՀՄԱԿի աղջիկներու վոլիպոլի խումբի մարզիկներէն վեցն ընտրուեցան Իրանի հաւաքականի բանակումին մասնակցելու համար, կը յայտնէ ՀՄԱԿի մամլոյ քարտուղարութիւնը:
Ըստ հաղորդուած տեղեկութիւններուն, ընտրուած են այն մարզիկները, որոնք 2010ին Թեհրանի

ակումբներու երիտասարդական եւ պատանիներու ախոյեանութեան մրցումներուն ոչ այդքան ակնառու յաջողութիւններ արձանագրած են:
Այդ վեցէն միայն երեքը ընտրուած են բանակումի աւարտին:
Իրանի վոլիպոլի հաւաքականին միացած Արարատի երեք մարզիկները հանդիսացան Անի Խեչումեան (երիտասարդներ), Արգինէ Պետրոսեան (երիտասարդներ) եւ Էմինէ Դաւթեան (պատանիներ):