ՍԹՈՔՀՈԼՄ.- «ԱՖՓ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Շուէտի մայրաքաղաք Սթոքհոլմի մերձակայքը, ոստիկաններու եւ երիտասարդներու միջեւ բախումներ տեղի ունեցած են։ Խռովարարութիւնները սկսած են Երկուշաբթի ուշ գիշերին։
20-30 երիտասարդներ սկսած են կոտրելու Սթոքհոլմի առեւմտեան մասը գտնուող մեթրոյի «Հասսելպի Կարտ» կայարանի տոմսարկղի ապակիները։ Երբ ոստիկանութիւնը դէպքին վայրը հասած է, երիտասարդները ոստիկաններու ուղղութեամբ քարեր նետած են։
Ըստ «ԱՖՓ»ին, շուէտական ոստիկանութիւնը յաջողած է ձերբակալել խռովարարութիւններու կազմակերպիչներէն մէկը։ Չորս այլ անձերու շուրջ հետախուզութիւն տեղի կ՛ունենայ։
Շուէտական ոստիկանութենէն աղբիւր մը նոյն լրատու գործակալութեան յայտնած է, թէ «կրնայ ըլլալ, որ ատիկա գործազուրկ երիտասարդներու խումբ մըն էր, եւ ըսել՝ թէ անոնք Լոնտոնի դէպքերէն ոգեւորուած էին՝ չափազանցութիւն է»։