ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Լրագրող Պուրաք Փեքտիլ, «Հիւրրիյէթ»ի «Տէյլի Նիուզ Էնտ Իքոնոմիք Ռիվիու»ի մէջ հրապարակեց հետաքրքրական յօդուած մը, զոր կրճատումներով կը ներկայացնենք.
«Մենք՝ թուրքերս, հետաքրքրական ցեղ մըն ենք։ Մէկ կողմէ կը ստորագրենք կառավարական թուղթեր, որոնց մէջ գրուած է, թէ աւելի քան մէկ միլիոն հայեր կոտորուած են, միւս կողմէ ալ՝ հայու մը սպանութեան առթիւ ցոյց կը կազմակերպենք, պոռալ-կանչելով՝ «Մենք բոլորս հայ ենք» կ՛ըսենք։
«Մենք կը սիրէինք մեր հանրապետութեան հիմնադիրը։ Մենք կը պաշտէինք զինք։ Մենք բանտ կը նետէինք բոլոր անոնք, որոնք չէին պաշտեր զայն։ Այժմ մենք կը բանտարկենք անոնք, որոնք տակաւին կը պաշտեն հանրապետութեան հիմնադիրը։
«Մենք վարչապետ մը ունէինք ու կը սիրէինք զինք։ Յետոյ սկսանք ատելու։ Մենք կախեցինք զայն։ Այնուհետեւ, անոր անունով օդակայաններ եւ հասարակական այլ վայրեր անուանակոչուեցան։ Այժմ մենք կը սիրենք զայն։ Մեր զօրավարները կ՛ատէին Ճեմիլ Չիչեքը՝ վարչապետ Թուրկութ Էօզալի անձնակազմի այդ «ժահր»ը։ Այժմ մեր զօրավարները կը սիրեն Չիչեքը, «չափաւոր հայրենասէրը»՝ վարչապետ Էրտողանի կառավարութենէն ներս։
«Մենք կը հալածէինք կրօնական մարդիկը, քանի որ այդ «ոչ-քաղաքակիրթ անձերը աղօթքի եւ պահքի նման անսովոր երեւոյթներով կ՛աղտոտէին մեր արեւմտեան մշակոյթը»։ Այժմ մենք կը հալածենք բոլոր անոնք, որոնք կրօնամոլներ չեն, քանի որ «այդ անհաւատները իրենց մեղքերով՝ ալքոլով ու պահք չպահելով, կ՛աղտոտեն մեր իսլամական մշակոյթը»։
«Մենք կ՛ատէինք «հիճապ»ով կիները, քանի որ անոնք կը նկատէինք «Աթաթիւրքի Թուրքիան կործանել ուզող բանակի զինուորներ»։ Այժմ մենք կ՛ատենք կարճ շրջազգեստով եւ «պիքինի»ով կիները, քանի որ անոնք «կը ձգտին ոչնչացնել մեր Մուհամմետ մարգարէի Թուրքիա»ն։
«Մենք կը խոշտանգէինք բոլոր անոնք, որոնք առանց ատելութեան կ՛արտաբերէին Ապտուլլահ Օչալանի անունը։ Այնուհետեւ եղան ժամանակներ, երբ կառավարութեան ձեռնասուն գիտնական այրերը առաջարկեցին զայն դարձնել թրքական բանակի զօրավար։ Մենք բանտէն ազատ արձակեցինք Քրտական բանուորական կուսակցութեան անդամ ահաբեկչուհին ու ան երեսփոխանուհի դարձաւ, որովհետեւ ընտրուած էր։ Այնուհետեւ մենք բանտ նետեցինք Քրտական բանուորական կուսակցութեան դէմ կռուած հրամանատար մը։ Մենք բանակէն կը հեռացնէինք այն սպաները, որոնց կողակիցները «հիճապ» կը կրէին։
«Ընտրեալ կառավարութիւնները զօրավարներու հետ ձգտեալ յարաբերութիւններու պատճառով հրաժարական կու տային։ Հիմա զօրավարներն են, որոնք իրենց պաշտօնը կը լքեն՝ ընտրեալ կառավարութեան հետ ունեցած տարակարծութիւններու պատճառով։
««Նոր Թուրքիոյ» մէջ դերերու փոփոխութիւնը զարմանք չի պատճառեր ոեւէ մէկուն, որ կը հասկնայ ծայրայեղութիւններու հետ թրքական սիրավէպը»։