
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայ-թրքական արձանագրութիւններուն ճակատագիրը «ամենախորը ազդեցութիւն»ը պիտի ունենայ թուրք-ամերիկեան յարաբերութիւններուն վրայ: Համաձայն «Ուիքիլիքս»ի հրապարակումներուն, նման յայտարարութիւն մը ըրած է Թուրքիոյ մօտ Միացեալ Նահանգներու նախկին դեսպան Ճէյմզ Ճեֆրի, ՄԱԿի մէջ, Իրանի հանդէպ Ամերիկայի ներկայացուցած պատժամիջոցներուն նկատմամբ Թուրքիոյ հնարաւոր աջակցութիւնը ստանալու շուրջ քննարկման ընթացքին:
Յիշեցնենք, որ Հայաստան կատարած այցին ընթացքին, ԱՄՆ արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթըն յայտարարած էր, որ այդ հարցով գնդակը կը գտնուի Թուրքիոյ դաշտին մէջ, իսկ հետագային, այդ նոյն յայտարարութիւնը կրկնած են նախարարութեան բազմաթիւ այլ բարձրաստիճան պաշտօնեաներ:
Նոյն հրապարակման մէջ կը նշուի, որ անդրադառնալով Թուրքիոյ հետ կապուած Միացեալ Նահանգներու ամենամեծ մարտահրաւէրին՝ Ճեֆրի նշած է. «Յառաջիկայ ամիսներու ընթացքին, մեր մեծագոյն մարտահրաւէրները կը ներառեն թուրք-իսրայէլական յարաբերութիւնները, հայ-թրքական արձանագրութիւններու ճակատագիրը եւ Թուրքիոյ դիրքորոշումը Իրանի նկատմամբ»:
Միաժամանակ կը նշուի, թէ Ճեֆրի ընդգծած է, որ Թուրքիան կը վարէ «նոր-օսմանեան» քաղաքականութիւն: Ատիկա հաստատելու համար, դիւանագէտը մէջբերած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմետ Տաւութօղլուի՝ 2009ին Սարայեւոյի մէջ ունեցած ելոյթը, որուն ընթացքին վերջինս կը պնդէր, թէ Պալքանները, Մերձաւոր Արեւելքը եւ Կովկասը աւելի լաւ վիճակի մէջ գտնուած են Օսմանեան տիրապետութեան տարիներուն: