
ՊԱՔՈՒ, «Արմէնփրէս».- Ատրպէյճանի նախագահի նախկին խորհրդական Վաֆա Կիւլուզատէ, «Ազատլըք»ի հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնած է, թէ աշխարհաքաղաքական վերջին զարգացումները կը սպառնան Ատրպէյճանի պետութեան գոյութեան: «Ատրպէյճանը կրնայ տարանջատուիլ, եթէ չթեքի դէպի Արեւմուտք: Ատրպէյճան Միացեալ Նահանգներէն եւ ՆԱԹՕէն բացի, փրկութեան այլ ճանապարհ չունի», ըսած է ան:
Անդրադառնալով Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան լուծման հարցով վերջին զարգացումներուն, ինչպէս նաեւ Իրան-Ատրպէյճան լարուածութեան՝ Կիւլուզատէ աւելցուցած է, թէ Ռուսիա եւ Իրան կը փափաքին իրենց վերահսկողութեան տակ դնել Ատրպէյճանը, որպէսզի կարենան վերահսկել նաեւ Կասպեան աւազանի տարածաշրջանը:
«Հարաւային Կովկասը ռազմավարական կարեւոր տարածաշրջան է: Ռուսիա տիրացած է անոր եւ չի փափաքիր զայն կորսնցնել: Ի յայտ եկած են նոր ուժեր՝ Թուրքիան եւ Իրանը: Այժմ Ատրպէյճան պէտք է ընտրութիւն կատարէ եւ անկէ կախուած է անոր ճակատագիրը: Տարածաշրջանի տէրը, ուշ կամ կանուխ, Ամերիկան պիտի ըլլայ, բայց մինչեւ անոր գալուստը, մեր պետութիւնը կրնայ տարանջատուիլ: Ես շատ կ՛ուզէի, որ տարածաշրջանին մէջ մենք Ամերիկայի դաշնակիցը դառնայինք ծաղկող վիճակի մէջ», ըսած է ան:
Կիւլուզատէ նաեւ հաւանական կը համարէ Ատրպէյճանի մէջ իսլամական յեղափոխութիւն մը: Ըստ անոր, երկրին մէջ իսլամութեան ազդեցութիւնը կարելի եղած է զսպել, նախկին նախագահ Հայտար Ալիեւի ջանքերով:
«Հայտար Ալիեւ յաջողեցաւ ձերբակալել Իրանէն ղրկուած իսլամիստ գործակալները, որոնք երկիրը ծայրայեղ իսլամական դարձնելու գաղափարներ կը քարոզէին: Սակայն, Իրան դարձեալ աշխուժացած է Ատրպէյճանի մէջ: Իրանի համեմատ, մենք շատ փոքր երկիր ենք: Շատ հնարաւոր է, որ Իրան ցանկանայ յեղափոխութիւն իրականացնել Ատրպէյճանի մէջ եւ Պաքու պէտք է նման հաւանականութեան մը դէմ յենարաններ ունենայ: Մեզի ամենամօտ երկիրը Թուրքիան է, բայց Թուրքիա եւս իր պայմաններն ունի: Առանց այդ պայմանները կատարելու, Թուրքիան չի կրնար մեր դաշնակիցը ըլլալ: Ամերիկան ալ պայմաններ ունի: Մենք պէտք է անոր պայմաններուն գոհացում տանք: Եթէ մենք շտապ միջոցներու չձեռնարկենք, կրնանք մնալ Իրանի ոտքերուն տակ», եզրակացուցած է ան: