ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ԵՒ ՀԱՅ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԸ ԴԷՄ ԱՌ ԴԷՄ
ԳՐԻԳՈՐ Ծ. ՎՐԴ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ

Ամէն մարդ անուղղակի վախ կը զգայ, երբ հանրային հզօր կարծիքին վկայութիւնը պիտի լսէ իր մասին: Հեղինակաւոր այնպիսի կարծիք է այն, զոր հերքելը այնքան ալ դիւրին աշխատանք չէ: Միտքերու մէջ տարածուած ու արմատաւորուած գաղափար կը դառնայ անիկա շուտով, եւ դժուար կարելի կ՛ըլլայ տարհամոզել մարդիկը, իրենց լսածներուն մասին:
Այս մտավախութեան դիմաց, սակայն, մարդիկ կը մոռնան, թէ՝ չկայ ո՝չ իսկ մէկ մարդ այս աշխարհի վրայ, որուն մասին միայն լաւ խօսած ըլլան ուրիշներ: Ասիկա ունի անշուշտ իր տոկոսային արժէքը, այսինքն՝ եթէ լաւ խօսողները աւելի շատ ըլլան տարբեր կարծիք կը կազմուի տուեալ անձին մասին, իսկ եթէ հակառակը պատահի՝ հակառակը: Բայց իրողութիւնը կը մնայ այն, թէ՝ չկայ մէկը, որուն մասին միատեսակ կարծիք յայտնած ըլլայ հանրութիւնը:
Ասիկա կը ճշմարտուի նաեւ ժողովրդային իմաստութեամբ, երբ արդէն գործածուող ասոյթը հաստատելով այս իրողութիւնը կ՛ըսէ. «Ամէն մարդ, ամէն մարդու կողմէ չի՛ սիրուիր», կամ՝ «Ամէն մարդ այս կեանքի մէջ կ՛ունենայ զինք սիրողներն ու ատողները»: Քրիստոնէական պատմութեան էջերուն զարդը հանդիսացող սուրբերը ճիշդ այդպիսի կերպարներ են: Անոնք ամէնուն կողմէ սիրելի չեղան, հակառակ իրենց ամբասիր վարքին ու նկարագիրին: Անոնց ուղղամտութիւնը յաճախ զիրենք ատելի դարձուց հեթանոսական վարքով ապրիլ շարունակող քրիստոնեայ իշխանաւորներուն, որոնք մահով վերջ դրին անոնց կեանքին, լռեցնելու համար զիրենք յանդիմանող լեզուները:
Այս առումով ամէնէն ցցուն օրինակը կու գայ մեզի Նոր Կտակարանի էջերէն, երբ Հերովդէս արքան, իր ծննդեան տարեդարձին օրը, մէկ կողմէ իր սիրուհիին կաքաւող աղջկան՝ Հերովդիադայի կամքը կատարելով գլխատել կու տայ Յովհաննէս Մկրտիչը, միւս կողմէ սակայն, իր այդ հրահանգով լռութեան կ՛ուզէ մատնել զինք յանդիմանող լեզուն՝ Յովհաննէս Մարգարէն: Ան էր որ հրապարակաւ կը պախարակէր զինք, եղբօր կինը՝ Հերովդիան յափշտակելով, անոր հետ անօրէն կենակցութիւնն վարելուն պատճառաւ:
Ուրեմն, սուրբերը եւս անմասն չեն որոշ անձերու համար ատելի ըլլալու իրավիճակէն, ու մանաւանդ այդ ատելութեան զոհ երթալու ցաւագին պատահարներէն: Կասկած չկայ, որ սուրբեր այդ եղելութիւնները նախ Աստուծոյ փառքին կ՛ընծայէին, ու ապա՝ զայն կը նկատէին իբրեւ երկնային վարձատրութիւն իրենց բազմաչարչար կեանքին: Որովհետեւ նահատակութեամբ այս կեանքը իր աւարտին հասցնելը, երջանկագոյն պահն էր անոնց համար: Մահուան դուռէն դուրս ելլելէ ետք, երկնային կեանքի դուռէն ներս մտնելու գոհունակութիւնը կ՛ապրէին անոնք: Ահա թէ ինչո՞ւ քաջաբար կը դիմակալէին մահը, առանց երկիւղ ունենալու անոր ցաւատանջ արհաւիրքէն:
Քրիստոնէական Եկեղեցին նաեւ կը հաւատայ Կենդանի Նահատակութեան, երբ մարդ իր ապրած օրերու ընթացքին այս կեանքի մէջ, տառապանքի բովէն կ՛անցնի, սակայն կը տոկայ ամէն դժուարութիւններու: Բողոքը, դժգոհութիւնը, ընդվզումը եւ հայհոյութիւնը կը պղծեն քրիստոնեայի հոգիին ներքին հայելին, որուն մէջէն Աստուծոյ դէմքը պէտք է արտացոլայ միայն: Սակայն, դժուարութիւններու չտոկալով Աստուծոյ դէմ բողոքող, ու նոյնիսկ Անոր սուրբ անունը անարգող մարդը, ո՛չ իր ծնած զաւակներուն կողմէ խնամուելով իր կեանքի վարձքը պիտի ստանայ, ոչ ալ երկնային վարձատրութեան յոյսը պիտի ունենայ: Յաճախ Աստուած այնպիսի առիթներ կը ստեղծէ մարդուն, որ Իրեն շատ մօտ ըլլայ, իր «հարեւանութեամբ ապրի», վայելելով Իր պերճաշուք ու պերճափառ ներկայութիւնը: Բայց մարդը այդ բացառիկ պատեհութենէն օգտուելով Աստուծոյ հաւատարիմ ըլլալու փոխարէն, սիգալով կ՛անգոսնէ զԱյն, ու կը սոնքայ իր ոչնչութեան ապաւինելով: Անոր բոլոր բարիքներէն օգտուելով հանդերձ՝ կը հայհոյէ Անոր անուան, Անոր երկնային թագաւորութեան, Անոր հաստատած հոգեւոր իշխանութեան՝ երկրի վրայ կառուցած ոգեղէն իր ներկայութեան՝ Եկեղեցիին, ու անոր հոգեւոր սպասաւորներուն, պշուցեալ, ապշահար թողելով երկինքի մէջ թէ երկրի վրայ ապրող հոգեղէն թէ ֆիզիքական մարմինով հրեշտակները:
Վերոյիշեալ բոլոր կացութիւնները կը ստեղծուին մարդկային լեզուին միջոցաւ ու խօսքի ճամբով, եւ այն չար խօսքին՝ որ յաճախ վախ կը պատճառէ խաղաղասէր մարդոց: Ոմանք իրենց համբաւը, վարկը ու անունը արատաւորուած կը տեսնեն այդ խօսքին պատճառով, ու կը մտահոգուին ատոր համար: Սա բնական երեւոյթ է, եւ անպայման պէտք է վժլտուք ձգել, ողբերգակներ ու եղեռամայրեր հրաւիրելով սգահանդէսներ սարքել, կամ լացակումած հոգեվիճակներու մատնուիլ:
Դրական պիտի չըլլար նաեւ այն, որ կռիւի նախապատրաստութիւն իբրեւ, ժանիքներ սրուէին, կամ վրիժակներ ցուցադրուէին գազանային վայրագ բերանները բանալով: Որովհետեւ այդ ամէնը հեռու են նախ մարդկային եւ ապա քրիստոնէական ըլլալէ:
Լաւագոյնը պիտի ըլլար ինքնամխիթարութեան փիլիսոփայութիւնը կիրարկել, յիշելով խորհողներու մտածումները, որոնք կեանքի այս կամ այն դժուարութեան իբրեւ լուծում կ՛առաջարկեն անոնք: Մի քանի մտածումներ իրենք զիրենք կը մեկնաբանեն, ու չեն կարօտիր բացատրութեան: Այսպէս, ժողովրդային իմաստութիւնը կ՛ըսէ. «Մէկուն մասին խօսուելէն շատ աւելի վատը, անոր մասին բնա՛ւ չխօսուիլն է»: Այս ինքնամխիթարութեան փիլիսոփայութիւնը նախ կը յայտնաբերէ մարդուն արժէքը: Եթէ խօսուելու արժանի անձ է, անոր մասին դրական կամ ժխտական կը խօսին մարդիկ: Երկու պարագաներուն ալ՝ թէ՛ դրականին եւ թէ ժխտականին, խօսուելու արժանի ըլլալու երեւոյթը ի յայտ կու գայ: Եթէ խօսուելու արժանի չէ՛, կը նշանակէ թէ անարժէք կամ անպիտան է անձը, եւ կամ այնքան սովորական գոյութիւն, ինչքան շնչող բոյսը, կամ այլ շնչաւոր արարածներ:
Երկրորդ մտածումը որ դարձեալ ինքնամխիթարութեան փիլիսոփայութիւնը կ՛ուսուցանէ, կու գայ Տանթէէն: Ան կ՛ըսէ. «Դուն քու ճամբադ գնա՛, եւ մարդիկ ի՛նչ որ կ՛ուզեն թող ըսեն քու մասիդ»: Ինքնամխիթարութեան փիլիսոփայութեան մէջ ամէնէն ինքնավստահ պատասխանն է այս, կեանքէն եկող մարտահրաւէրներուն, եւ խօսքի ճամբով մարդուն պատճառուող անարգանքին: Սակայն, նոյն ինքնավստահութիւնը նաեւ կարեւոր է գնահատուելու երեւոյթին դիմաց, իբրեւ ինքնապաշտպանութիւն: Որովհետեւ նոյն գնահատող բերանն է որ կրնայ պարագաներու բերումով դառնալ բամբասող բերան: Խօսքը, որ նաեւ հեղինակութիւն կ՛արտայայտէ, յանկարծ կրնայ «գունափոխուիլ», կորսնցնել իր արժէքը, եւ ճիշդ հակառակ դիրքը գրաւելով քարկոծել այն տունը, ուր ի՛նք «գիշերած էր» նախորդ օր: Բայց ինքնամխիթարութեան փիլիսոփայութիւնը կը յիշեցնէ, որ մէկուն մասին խօսուիլը աւելի լաւ է, քան բնա՛ւ չխօսուիլը: Մտահոգիչ պիտի դառնայ այն կացութիւնը երբ մարդ հարց տան ինք իրեն ըսելով.
– Հապա՞ եթէ չխօսին…:
Աւելի դժբախտ պէտք է համարես դուն քեզ, եթէ բնա՛ւ չխօսին քու մասիդ: Իսկ բաւարարուած՝ եթէ խօսին լաւ կամ վատ: Ո՛չ լաւ խօսքէն շփացիր, ոչ ալ վատէն յուսահատիր: »Դուն քու ճամբադ գնա՛«, ինչպէս կÿըսէ Տանթէն: