ՔԱՊՈՒԼ, «Ռոյթըրզ».- «Թալեպան» շարժումը Ուրբաթ, Օգոստոս 19ին Բրիտանիայէն Աֆղանիստանի անկախութեան 92 ամեակի օրուան զուգադիպող գործողութեամբ մը պաշարեց Քապուլի մէջ բրիտանական

մշակութային կեդրոնը։ «Թալեպան»ի զինեալները յաջողեցան մուտք գործել կեդրոն եւ մէկ ժամ տեւողութեամբ բախում մը ունեցան աղֆան ապահովական եւ ՆԱԹՕի ուժերուն հետ։
Աֆղանիստանի ներքին գործոց նախարարութեան բանբեր մը յայտնեց, թէ յարձակումին ընթացքին 12 վիրաւոր արձանագրուած է։ Սպաննուած են 8 աֆղան ոստիկաններ եւ ՆԱԹՕէն զինուոր մը։
Թալեպաններու բանբեր Զապիհուլլա Մուճահիտ յայտնեց, որ շարժումը այս գործողութեամբ երկու պատգամ կը յղէ. մէկը՝ աֆղանական կառավարութեան, իսկ միւսը՝ բրիտանացիներուն։ Ան Բրիտանիայէն Աֆղանիստանի անկախութեան 92 ամեակին ակնարկելով՝ յայտնեց. «Անոնց կը յիշեցնենք, որ մենք դարձեալ բոլոր օտարերկրացիներէն, մասնաւորաբար բրիտանացիներէն անկախ պիտի ըլլանք»։