ՓԱՍԱՏԻՆԱ.- «Developmental Services for Armenia»ի 15րդ տարեդարձի հանգանակութիւն-ճաշկերոյթը տեղի ունեցաւ Կիրակի, Օգոստոս 14ի երեկոյեան, Փասատինայի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայց. եկեղեցւոյ «Կիրակոս» սրահին մէջ: Ձեռնարկին նպատակն էր՝ նիւթապէս օժանդակել Հայաստանի «Մովսէս Կորկիսեան» վարժարանի վերանորոգման աշխատանքներուն:
Երեք տիկիններ, որոնք օգնած էին այս ծրագիրին, արժանացան յատուկ պատիւի: Անոնք են՝ Լուսին Հաքըպի (բուժքոյրերու տնօրէնուհին Քալիֆորնիոյ համալսարանի Լոնկ Պիչի մասնաճիւղ), Սալբի Ագարակեան (վարիչը Քալիֆորնիոյ համալսարանի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղի Բուժքոյրերու միջազգային ծրագիրին) եւ Ռիթա Թիլքեան-Հասէրճեան, որ բուժքոյրերու յատուկ ծրագիր մը հիմնած էր Հայաստանի մէջ:
Վերոյիշեալները եւ Հերմինէ Ճանոյեանը յատուկ գնահատանքի արժանացան նաեւ Քալիֆորնիոյ Ծերակոյտի անդամ Քերըլ Լուի կողմէ: Գործադրուեցաւ գեղարուսետական յայտագիր, Վարդան եւ Սիրանուշ Գէորգեան պարային խումբին մասնակցութեամբ՝ խանդավառելով ներկաները:
Առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեան, իր խօսքին մէջ յատկապէս գնահատեց այս կազմակերպութեան ատենապետ տէր եւ տիկին Ճորճ եւ Ֆլորա Տունայեանցի, ինչպէս նաեւ վարչական մարմինին կատարած ազգանպաստ ծառայութիւնները: