ՇԸՐՄԸՆ ՕՔՍ.- Կազմակերպութեամբ «Արփա» հիմնարկին, Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 8ին,

երեկոյեան ժամը 7:30էն սկսեալ, լրատուական եւ հաղորդակցութեան արդի միջոցներու քննարկում մը տեղի պիտի ունենայ «Մերտինեան» վարժարանի սրահէն ներս (13330 Riverside Dr. Sherman Oaks, CA 91403): Քննարկումը պիտի կեդրոնանայ յատկապէս տեղեկատուական այս միջոցները լաւագոյնս օգտագործելու կարելիութեանց վրայ, որպէզի կարելի ըլլայ ճշգրիտ պատգամները հասցնել հայերուն, ոչ հայերուն եւ ընտրեալ պաշտօնատարներուն:
Քննարկումին պիտի մասնակցին Փիթըր Մուսուրեան, Մարիա Արմուտեան եւ Զանգու Արմէնեան, իսկ զայն պիտի համադրէ Օշին Քէշիշեան:
Ձեռնարկին մասին յաւելեալ տեղեկութեանց համար դիմել դոկտ. Յակոբ Փանոսեանին՝
(818) 453-0618 թիւով կամ info@ARPAInstitute.org հասցէով: