ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան նախաձեռնութեամբ, Երեւանի մէջ կ՛իրականացուի «Հայաստանում Իրանի հայ համայնքի օրեր» ծրագիրը: Ծրագիրին ծիրէն ներս, Օգոստոս 23ին, Կոմիտասի անուան կամերային երաժշտութեան տան մէջ մեծ շուքով նշուեցաւ «Ալիք» օրաթերթին 80ամեակը: Հանդիսաւոր երեկոյին մասնակցեցան «Ալիք» օրաթերթի ներկայ եւ նախկին խմբագիրներ Դերենիկ Մելիքեան, Սեդա Դաւթեան եւ Նորայր Էլսայեան:
«Ալիք» օրաթերթի խմբագիր Դերենիկ Մելիքեան, թերթին 80 տարիներու գլխաւոր ձեռքբերումը համարեց իրենց երազանքներու իրականացումը: «60 տարի շարունակ, «Ալիք»ն այն երազանքներով էր հրատարակւում եւ ապրում, որը կարելի էր կոչել Հայաստանի Անկախութեան վերականգնում: Մենք 20 տարի առաջ դրան ականատես եղանք, իսկ վերջին 20 տարիներին՝ մեր պետութեան, պետականութեան կայացման գործընթացի իրականացումը կարելի է համարել», ըսաւ Դ. Մելիքեան, որուն խօսքով, «Ալիք»ը պարտաւորեցնող առանձնայատկութիւն ունի: «Այն իրանահայ համայնքում հրատարակուող միակ հայկական օրաթերթն է, որն ընթերցասէրներին ներկայացնում է բազմազան բովանդակութեամբ նիւթեր՝ ոչ միայն իրանահայ համայանքէն, այլեւ ողջ հայութեան մասին», նշեց ան:
Հանդիսութեան ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան: Անոր խօսքով, 80 տարիներու ընթացքին օրաթերթը դարձած է մեր հայրենակիցներուն սիրելի թերթը: «Եթէ չլինէր ընթերցողների քանակն ու պահանջկոտութիւնը, «Ալիք»ը հաստատ այսպիսին չէր լինի», ըսաւ Հ. Յակոբեան, աւելցնելով, որ «Ալիք»ը ոչ միայն տեղեկատուութիւն է, այլեւ հայապահպանութիւն է, եւ ոչ միայն հայապահպանութիւն է, այլեւ՝ մշակոյթ, տարեգրութիւն, պատմութիւն: Ապա սփիւռքի նախարարը նախարարութեան «Ու. Սարոյեան» շքանշանով պարգեւատրեց Դերենիկ Մելիքեանը:
«Ալիք»ի 80ամեայ յոբելեանին առնչութեամբ իր ողջոյնի եւ շնորհաւորական ուղերձը յղած էր նաեւ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանը: Պաշտօնական հատուածին յաջորդեց համերգային բաժինը, որուն ընթացքին ելոյթ ունեցան Թովմաս Պօղոսեան, Արուս Գուլանեան, Արսէն Գրիգորեան (Մռօ), Լէյլա Սարիբէկեան եւ ուրիշներ։