
ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ԵՒ ՀԱՅ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԸ ԴԷՄ ԱՌ ԴԷՄ
ԳՐԻԳՈՐ Ծ. ՎՐԴ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ
Աւազակութեան տեսակին ու յափշտակուած աւարին մասին անվերջանալի քննարկումի նիւթ կարելի է հայթայթել, իսկ գողին կազմակերպուած աշխատանքին դիմաց՝ անծայրածիր հորիզոն գոյութիւն ունի: Որովհետեւ իր սեփականութիւնը չեղող ամէն ինչ կրնայ իրեն սեփական նկատել, ու միջոցները գտնելով, յափշտակել զայն:
Աղօթքը իր բնութեամբ, աստուածամերձ հաղորդականութեամբ, հոգեկան չինչ ու բիւրեղ կերտուածքով, բնականաբար հեռու է քրէական ամէն գործերէ, որոնք Աստուածաստեղծ մարդուն դիմագիծը կ՛աղարտեն, ու զայն կը դատապարտեն մարդկութեան դէմ գործած յանցանքներով:
Աւազակը, իր ամէն երանգներով՝ խճողուած շուկային մէջ կամ հանրակառքէն ներս շրջող քսակահատէն սկսեալ մինչեւ դրամատնային համակարգիչներու հաշուետոմարները պրպտող համացանցային նենգ մասնագէտը, անկասկած մաս չեն կազմեր մարդկային ընկերութիւնը իր բարձրութեան վրայ պահող պարկեշտներու խմբակին: Ինչքա՜ն ողբալի է, որ այդ խմբակին պատկանողներուն թիւը օրըստօրէ նուազում կ՛արձանագրէ, «մարդկութեան դասարան»ին «ընդհանուր միջին»ը վերաքննելիներու աստիճանին հասցնելով: Այդ դասարանին մէջ ըլլալով ամէնքս, ու մանաւանդ ամօթի վարագոյրը վերուստ ի վայր պատռուած ըլլալով շատերու դէմքին, պարկեշտութիւնը կը հալածենք մեր քաղաքներէն ու երկիրներէն, անապատի աքսորական դարձնելով զայն:
Երկար տարիներով իրարու բարեկամ եղած ու նոյնիսկ գործի ասպարէզին մէջ իրարու նեցուկ կանգնելով յաջողութեան հասած անձեր, փոխադարձ երախտագիտութիւնը անգամ մոռնալով, անպարկեշտ ու անհաւատարիմ կեցուածք կը ցուցաբերեն իրարու նկատմամբ:
Անցնող սերունդները անպայման սրբակենցաղ չէին այս իմաստով: Չէ՛ եղած ժամանակ, մարդկային ցեղի պատմութեան մէջ, երբ աշխարհի բոլոր բնակիչները իրարու նկատմամբ համերաշխութիւն ցուցաբերած ըլլան: Աստուածաշնչային ցանկալի կացութիւնը, երբ գայլն ու գառը միասին պիտի ճարակին, դեռ չէ՛ եղած աշխարհի մէջ: Սակայն, այդ ժամանակաշրջանի անհաւատարմութիւններն ու անպարկեշտութիւնները վարագուրող ու մարդկային կիսաքաղաքակիրթ բնաւորութթեանց տգեղութիւնները պարուրող շղարշը՝ ամօթխածութիւնն էր:
Նոյն ամօթխածութեան կորուստին մասին կը պատմեն յատկապէս ամուսնական կեանքի դժ-բախտութեան հանդիպող անձեր, երբ խօսին անցեալին պսակուած հարսերու դէմքը ծածկող կուսական խորհրդանիշ ու ամօթխածութեան նշան եղող սպիտակաթոյր քօղին մասին: Հարկ կա՞յ միթէ ներկայ աշխարհի «քաղաքակիր»չ մարդկութեան կազմակերպած հարսանիքներու ընթացքին գործածութիւնը այդ հի՜ն խորհրդանիշին…:
Ամօթխածութեան ներքին քաջութիւնն ու ինքնավստահութիւնը, կարելի չէ բառերով բացատրել, երբ անիկա ներքին համոզումով գոյացած է մարդուն մէջ, ու մանաւանդ գիտակցօրէն կը կիրարկուի հանրութեան մէջ: Այնպէս ինչպէս լռութիւնը չափազանց զօրութեան նշան է միաժամանակ, այնպէս ալ ամօթխածութիւնը պարկեշտութեան հոմանիշ է, ու համեստութեան գերազանց արտայայտութիւն:
Գիտակից ամօթխածութիւնը, որ պարկեշտութեան կ՛առաջնորդէ մարդը, ուրիշին ստացուածքին ու կեանքին չձեռնելու զգուշաւորութիւնը կը սորվեցնէ նաեւ: Այն ինչ որ ես չեմ ցանած, չեմ կրնար եւ իրաւունքը չունիմ հնձելու, եթէ զայն ցանող մշակը չ՛արտօնէ ինծի դպչիլ անոր: Ահա այս գիտակցութենէն ամբողջութեամբ զուրկ կ՛ըլլան յատկապէս գողերը, իրենց բոլոր տեսակներով: Գողը միայն ոսկի կամ թանկարժէք իրեր ու դրամ գողցողը չէ: Գողերու տեսակ կայ, որ կրնայ նաեւ նկարագիրդ գողնալ, որդեգրել այն ինչ որ իրեն չի՛ վայելեր, ոչ ալ հազար վկաներու բերնով կրնայ հաստատել զայն իր վրայ: Գողի տեսակ կայ, որ «բանագող» կը կոչուի: Ուրիշներու անպէտ համարած տառ ու տող, նախադասութիւն թէ պարբերութիւն, այս տեսակ գողերուն նախասիրած «ապրանքներ»ն են: Հոսկէ տող, հոնկէ նախադասութիւն, ուրիշ էջէ պարբերութիւն, եւ այլ գիրքէ մի քանի էջ, բանագողին կեղծ հարստութիւնը կը կազմեն, որուն յայտնաբերումը կը կատարեն այլ տեսակի ոստիկաններ, որոնք գրաքննադատներ կը կոչուին:
Վերոյիշեալ գողութեան պարագային, երբ «ոստիկաններ» աւարը բացայայտեն, գողօնին իսկական տիրոջ ցաւը անպատմելի կ՛ըլլայ, մանաւանդ երբ անյուսութեամբ կը սպասէ գողին դէմքին վրայ վերյայտնուելիք ամօթխածութեան նշոյլին: Իսկ պարկեշտութիւնը անոր վերադարձնելու ամէն փորձ անյոյս է, որովհետեւ գողութենէն շատ առաջ չքացող առաքինութիւնն է այն, որ գողին դատարկ գրպանէն ալ աւելի, կը պարպէ անոր հոգիին բոլոր «գրպաններ»ը:
Ամէն աշխատանքէ առաջ կատարուած աղօթքը, յատկապէս մեր հայրերէն ժառանգուած ամէնէն գովելի առաքինութիւնը եղած է ու կը մնայ մեր ժողովուրդին մօտ: Երանելի՜ են այն մարդիկը, որոնք ամէն գործ սկսելէ առաջ իբրեւ նշան Աստուածավախութեան, եւ Աստուծոյ առաջնորդութեան ապաւինելուն՝ կը խաչակնքեն իրենց դէմքը:
Թաղերու մէջ գողութիւն ընելով իր օրապահիկը «վաստկող» գողին աղօթքը լսելով, դրացին շշմած կը պատմէր ծանօթներու: Այս գողը գիշեր ատեն, իր «գործ»ին սկսելէ առաջ, ծունկի եկած կ՛աղօթէ Աստուծոյ, որպէսզի յաջողութեամբ պսակուի իր ծրագրածը, ու անվտանգ անցնի այդ գիշերուան իր կատարելիք աւազակութիւնը…:
Ուրեմն,
_Գո՞ղն ալ կ՛աղօթէ, _կը հարցնէր այս պատմութիւնը լսող միամիտը:
_ Այո՛, գո՛ղն ալ կ՛աղօթէ, բայց անոր աղօթածը աղօթք չէ՛, _ըսի վճռական շեշտով:
Գողը մարդկային չար ծրագիրներու արդիւնքով իր կեանքը ժամանակաւորաբար ապրող արկածախնդիրն է, որուն «աղօթք»ը լսելի չի՛ դառնար Աստուծոյ: Արարածներուն Արարիչը եթէ որոշ անձերու շնորհք տուած է պարկեշտ ականջներ ունենալու, կը նշանակէ թէ Ինք ամէնէն առաջ ունի այդ բնութեամբ ականջներ: Անոր ախորժելի չեն ըլլար մարդկութեան համերաշխութիւնը քայքայող, ու անոնց միջեւ իրաւական համահաւասար կշիռքը խախտող յափշտակութեանց ծրագիրները: Այդպիսի ծրագիրներու համար եղած «աղօթք»ները իմաստազուրկ ու յումպէտս եղած խօսքեր են, որոնք օդին նօսրութեան մէջ կը չքանան, առանց թափանցելու երկինքի կապոյտ վարագոյրէն անդին:
Եթէ կը ճանչնաք նման գողեր, լաւագոյնը պիտի ըլլար խրատել զանոնք, որ ետ կենան ո՛չ միայն իրենց անիմաստ «աղօթք»էն, այլ մանաւանդ ուրիշին վաստակով հարստանալու յիմար ձգտումէն: Իւրաքանչիւր մարդ մէկ պատառ հաց ունի ուտելիք այս կեանքին մէջ, որ զինք կրնայ կշտացնել աւելիով…: