
– Գըրգ Գըրգորեան «Էմ.Ճի.Էմ. Ռիզորթզ» ընկերութեան մէջ իր բաժնետոմսերէն 20 միլիոնը ծախած է 214.9 միլիոն տոլարի, սակայն կը շարունակէ մնալ անոր ամենամեծ բաժնետէրը՝ 22.8 տոկոսով:
– Ամերիկեան «Սթրաթֆոր» թերթը կը գրէ, թէ ռուսական «Սի. 300» հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերու արտադրութիւնը դադրեցնել կը ծրագրուի, եւ կ՛ակնկալուի, որ մնացեալ արտադրութիւնը վաճառուի գլխաւորաբար Իրանին։ Ռուսիա անոնց փոխարէն պիտի սկսի արտադրելու աւելի արդիական «Սի. 400», «Սի. 500» համակարգեր, որոնք հաւանաբար 2012ին պատրաստ պիտի ըլլան։ Թերթը կ՛աւելցնէ, թէ Մոսկուա Կրնայ Հայաստան հաստատուած «Սի. 300» համակարգերը վաճառել Իրանին:
– Ականուած ինքնաշարժի մը պայթումը Ուրբաթ օր ցնցեց Նիճերիոյ մայրաքաղաք Ապուճայի մէջ ՄԱԿի շէնքը՝ պատճառելով 16 զոհ եւ 60 վիրաւոր։ Յարձակումին պատասխանատուութիւնը ստանձնեց իսլամական «Պոքօ Հարամ» կազմակերպութիւնը:
– «Այրին» փոթորիկին առաջին անձրեւները Ուրբաթ հասան արեւելեան Միացեալ Նահանգներ, որուն ծովեզերեայ կարգ մը շրջաններուն մէջ ահազանգային դրութիւն հռչակուած է: Փոթորիկը Քարիպեան կղզիներու մէջ երեք զոհ պատճառած է։
– Մեքսիքայի նախագահ Ֆիլիփէ Քալտերոն Ուրբաթ օր եռօրեայ սուգ հռչակեց, մէկ օր առաջ Մոնթերէյ քաղաքի բախտախաղի մը կեդրոններէն մէկուն վրայ յարձակումին ընթացքին սպաննուած 52 քաղաքացիներուն յիշատակը յարգելու նատակով: Ան նաեւ կոչ ըրաւ Միացեալ Նահանգներու իշխանութեանց, որ կտրուկ քայլերու դիմեն՝ զսպելու համար թմրեցուցիչներու պահանջքը, որ անզսպելի դարձուցած է Մեքսիքայի ոճրային խմբակները, որոնք հսկայ եկամուտ կ՛ապահովեն թմրեցուցիչի վաճառքէն:
– 18 տարիքը չբոլորած սպիտակամորթ ամերիկացիներուն համեմատութիւնը 10 տոկոսով նուազած է վերջին տասնամեակին: Այդ համեմատութիւնը 2.3 տոկոսով նուազած է սեւամորթ ամերիկացիներուն մօտ՝ նոյն ժամանակամիջոցին, իսկ սպանախօսներուն պարագային՝ այդ համեմատութիւնը 39 տոկոսով աճած է: