– Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Էհուտ Պարաք յայտարարեց, որ պաղեստինեան «Համաս» շարժումը «ներկայիս Իսրայէլի վրայ հրթիռներ չ՛արաձակեր. արձակողները այլ կազմակերպութեանց անդամներ են, սակայն Իսրայէլ «Համաս»ը Կազայի մէջ բոլոր տեղի ունեցածներուն պատասխանատուն կը նկատէ»։
– Ռուսիոյ Ազատական ժողովրդավար կուսակցութեան ղեկավար Վլատիմիր Ժիրինովսքի կը յայտնէ, թէ նախկին Խորհրդային Միութեան 15 հանրապետութիւններէն բաղկացած դաշնակցային պետութիւն մը պիտի վերստեղծուի ապագային՝ դաշնակցային դրութեամբ: «Մենք տնտեսապէս զիրար պիտի լրացնենք: Ապագան դարձեալ միաւորուելու մէջ է», ըսած է Ժիրինովսքի, ըստ որուն, Եւրոպան անկում պիտի ապրի։ Ըստ անոր, Գերմանիա դուրս պիտի գայ Եւրոպական Միութենէն, իսկ բոլոր անոնք, որոնք կը ձգտին Եւրոպական Միութեան մաս կազմելու՝ «արդէն ուշացած են»։
– Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարարութեան հետազօտութիւններու բաժանմունքը յայտնեց այն կարծիքը, որ Արեւմտեան Ափին մէջ տեղական ընտրութիւնները յետաձգելու Պաղեստինեան իշխանութեան նախագահ Մահմուտ Ապպասի որոշումը, «կը բխի այն մտավախութենէն, որ «Ֆաթհ» շարժումը պարտութիւն պիտի կրէ»:
– Նախորդ տարուան հետ բաղդատած՝ 2010ի ընթացքին ամերիկեան ընկերութեանց տնօրէններուն վարձատրութիւնները 11 տոկոսով աճած են: