ԳԷՈՐԳ ՄԱՆՈՅԵԱՆ

Խորագիրը վիպապաշտ կամ գերիրապաշտ կարճ պատմուածք մը կը յուշէ, սակայն իրականութեան մէջ կ՛առնչուի Թուրքիոյ քաղաքական ներկայ իրավիճակին, ուր կեղծիքն ու ստախօսութիւնը գերիշխող կը մնան:
Խորագիրին մղիչ ուժը նոր օսմանական ձգտումներու առաջնորդ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմետ Տաւութօղլուն է, որ թրքական «Էն.Թի.Վի.» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնած է, թէ Անգարայի կողմէ «դրացիներու հետ զեռօ խնդիրներ» քաղաքականութիւնը, կարգ մը պարագաներու ձախողած է՝ խնդրոյ առարկայ երկիրներու որդեգրած քայլերուն հետեւանքով:
Դրացի պետութեանց եւ ժողովուրդներուն հետ ոչ միայն հարցեր ստեղծելով, այլ նաեւ զանոնք բռնագրաւելու կամ ջարդելու արկածախնդրութիւններով ծանօթ երկրի նախարարին համաձայն, Անգարայի նշեալ քաղաքականութեան որդեգրումէն ետք, Հայաստանի, Սուրիոյ եւ Իրաքի վարած անպատասխանատու քաղաքականութիւնը պատճառ դարձած է, որ լարուածութիւն ստեղծուի նշեալ պետութեանց հետ:
Նախարարը ըսել կ՛ուզէ, թէ Թուրքիա բացարձակապէս անմեղ է, իսկ յանցաւորները՝ «անպատասխանատու» դրացիներն են:
Տաւութօղլու նշած է, որ տարածաշրջանին մէջ Հայաստանի ոչ շինիչ դիրքորոշումը, Սուրիոյ կառավարութեան կողմէ խաղաղ բնակչութեան դէմ ռազմական ուժի կիրարկումը եւ հիւսիսային Իրաքի մէջ Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան զինեալներու գործունէութիւնը ստեղծած են վերոյիշեալ լարուածութիւնը։
Զարմանալի է, որ Տաւութօղլու այս անգամ մոռցած է յանցաւոր նկատել Կիպրոսի իշխանութիւնները, պարզապէս, որովհետեւ անոնք կը շարունակեն պահանջել Թուրքիոյ կողմէ բռնագրաւուած հիւսիսային Կիպրոսի վերադարձը եւ կամ՝ Թուրքիոյ մէջ իրենց տարրական իրաւունքներուն համար պայքար մղող քիւրտերը. չէ՞ որ բոլորն ալ պարտական են Օսմանեան կայսրութեան եւ անոր ժառանգորդը հանդիսացող Թուրքիոյ «արդի հանրապետութեան» կողմէ իրենց ցուցաբերուած «բարիքներուն»:
Հոս է, որ չփշրուած հայելիները կրնան շինիչ ներդրում ունենալ, եթէ անշուշտ Տաւութօղլուները անոնց ուղղակի նայելու եւ ապա՝ իրականութիւնները տեսնելու քաջութիւնը ունենան: