ԵՐԵՒԱՆ.- ՀՀ պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան Օգոստոս 31ին ընդունած է պաշտօնական այցով Հայաստան ժամանած Գերմանիոյ պաշտպանութեան նախարարութեան խորհրդարանական պետական քարտուղար Քրիսթիան Շմիթ:
ՊՆ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութեան հաղորդումով, հանդիպման ընթացքին քննարկուած են պաշտպանութեան ոլորտին մէջ հայ-գերմանական համագործակցութեան առնչուող հարցեր: Կողմերը գոհունակութեամբ արձանագրած են, որ վերջին տարիներուն ռազմական կրթութեան եւ խաղաղապահութեան ոլորտներուն մէջ մեծ յառաջընթաց ապրած է հայ-գերմանական ռազմական համագործակցութիւնը:
Քրիսթիան Շմիթ շնորհակալութիւն յայտնած է Սէյրան Օհանեանին, Աֆղանսիտանի մէջ գերմանական հրամանատարութեան ներքոյ հայ խաղաղապահներու գերազանց ծառայութեան համար:
Հանդիպման աւարտին, Սէյրան Օհանեան եւ Քրիսթիան Շմիթ ստորագրած են Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութեան եւ Գերմանիոյ Հանրապետութեան դաշնակցային պաշտպանութեան նախարարութեան միջեւ ռազմակրթական աջակցութեան ծիրէն ներս համաձայնագիր մը՝ Գերմանիոյ զինուած ուժերու կառոյցներուն մէջ Հայաստանի զինուած ուժերու ծառայողներու եւ պաշտպանութեան նախարարութեան աշխատակիցներու ուսուցման մասին: