ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, «Էյ.Փի.».- Իրաքի կառավարութիւնը կը շարունակէ քննել Իրաք գտնուող ամերիկեան ուժերուն առնուազն մէկ մասին կեցութիւնը երկարաձգելու հարցը: Միացեալ Նահանգներու մէջ Իրաքի դեսպան Սամիր Սումայտայի հարցազրոյցի մը ընթացքին ըսած է, որ Իրաքի ոստիկանութիւնն ու բանակը մարզելու նպատակով Իրաքի մէջ ամերիկեան ուժեր պահելու հարցով՝ «որոշ համաձայնութիւն գոյացած է արդէն»։
Միացեալ Նահանգներու վարչակազմը կը նախատեսէ մինչեւ այս տարուան վերջը աւարտել Իրաքէն ուժերու հեռացումը, սակայն միաժամանակ, պատրաստակամութիւն յայտնած է իր ուժերուն մէկ մասը պահելու հոն, եթէ Իրաքի կառավարութիւնը փափաքի։
Ըստ դեսպանին, բանակցութիւնները կ՛ընթանան մնացող ուժերու թիւին շուրջ, որ կրնայ 8-20 հազարի միջեւ ըլլալ: Իրաքի կառավարութիւնը նաեւ մտադիր է ամրագրել ամերիկեան ուժերու պարտաւորութիւններն ու լիազօրութիւնները, պնդելով, որ անոնք 2011ի վերջաւորութեան աւարտող առաքելութենէն ետք պէտք չէ մասնակցին ռազմական գործողութիւններու։ Սումայտայի համաձայն, իրաքեան կողմին համար գլխաւոր խոչընդոտը կը մնայ ամերիկեան ուժերու այն պահանջքը, թէ ամերիկացի զինուորները պէտք չէ ենթակայ ըլլան իրաքեան իրաւական համակարգին: Իրաքեան քաղաքական ուժերը իրարու միջեւ լուրջ տարակարծութիւն ունին այս գծով: