ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Վանէն անկախ երեսփոխան Այսել Թուղլուք, քրտամէտ Խաղաղութիւն եւ ժողովրդավարութիւն կուսակցութեան կողմէ Վանի մէջ կազմակերպուած եւ համաշխարհային խաղաղութեան օրուան նուիրուած հաւաքին ընթացքին, խօսքը Թուրքիոյ վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի ուղղելով՝ յայտարարեց. «Մեզ որպէս ահաբեկիչ ծանօթացնող վարչապետին կ՛ըսեմ, որ մենք հոս հրապարակ իջած ենք հաշտութեան համար, հաշտութեան ի նպաստ կը բարձրացնենք մեր ձայները։ Մինչ դուք հրասայլեր ղրկելով պատերազմի ազդանշան կու տաք, մենք հաշտութիւն ու խաղաղութիւն կ՛ըսենք։ Անոնք, որոնք այս պատերազմը ծրագրեցին, պայթուցիկ դրին միասին ապրելու մեր ցանկութեան տակ»։
Թուղլուք անդրադարձաւ վերջերս սպաննուած 13 թուրք զինուորներու հարցին եւ ըսաւ, որ ասիկա Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան կողմէ կազմակերպուած սպանդ չէր, այլ՝ որոշ շրջանակներու կողմէ կազմակերպուած արարք մը, որուն նպատակն է զինուորական նոր գործողութիւններու համար գետին պատրաստել:
Վանի երեսփոխանը ըսաւ, որ քիւրտ ժողովուրդը ուշ կամ կանուխ իր կապերը պիտի խզէ այս պետութեան հետ։ «Պատերազմին մէջտեղը խաղաղութեան օր կը տօնենք։ Կառավարութիւնը մեր բարեացակամ առաջարկներուն պատասխան չի տար։ Չկրցան բացատրել, թէ ի՛նչ բովանդակութիւն ունէր այն, ինչ «քրտական բացուածք» կոչուած էր։ Չկրցան, որովհետեւ այս բացուածքը արդէն պարապ էր, մէջը բան չկար։ Երբ փոխադարձ սպանդներ կը կատարուին, միասին ապրելու կարելիութիւնը կը ջնջուի։ Կրնաք վստահ ըլլալ, որ եթէ ոչ այսօր, ապա վաղը անպայման քիւրտ ժողովուրդը իր բոլոր կապերը պիտի խզէ պետութեան հետ։ Այսօրուան զգացական խզումը վաղը պիտի վերածուի քաղաքական խզումի», ըսաւ Թուղլուք։
Վանի մէջ կազմակերպուած հանրահաւաքին ընթացքին ցուցադրուեցաւ նաեւ հսկայ պաստառ մը, որուն վրայ վարչապետն ու պետական աւագանին ցոյց կը տրուէին զինուորական համազգեստներով։
Միւս կողմէ, նոյն կուսակցութեան Մարտինի երեսփոխան Էրոլ Տորա ելոյթ մը ունեցաւ Գերմանիոյ մէջ քրտական ինքնութեան ճանաչման ի հաշիւ կազմակերպուած հաւաքի մը ընթացքին, ու պնդեց, որ թուրք եւ քիւրտ ժողովուրդներուն միջեւ թշնամութիւն չկայ, ապա հաշտութիւն գոյացնելու կոչ ըրաւ։ Տորա, որ Թուրքիոյ մէջ ասորի առաջին երեսփոխանն է, Պերլինի մէջ անդրադարձաւ կալուածները վերադարձնելու որոշումին եւ ըսաւ, որ մեծ գոհունակութեամբ դիմաւորած է այս լուրը։ «Հիմա մենք Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութենէն միւս հարցերուն եւս լուծումներ կը սպասենք», եզրակացուց Տորա։