
ԾԱՂԿԱՁՈՐ.- Ամիսներու նախապատրաստական աշխատանքներէ ետք, Ծաղկաձորի մէջ իր աշխատանքներուն սկսաւ ՀՄԸՄի Պատգամաւորական 10րդ ընդհանուր ժողովը, մասնակցութեամբ միութեան 16 Շրջանային եւ Մեկուսի շրջաններու շուրջ 100 պատգամաւորներու։
Հայաստանի վերանկախացումէն ետք գումարուող այս երրորդ Պատգամաւորական ժողովը կոչուած է քննելու միութեան անցնող չորս տարիներու գործունէութիւնը եւ օրուան մարտահրաւէրներուն համապատասխան ճշդելու հայկական երիտասարդական մեծագոյն կազմակերպութեան յառաջիկայի ծրագիրները։
Պատգամաւորական ընդհանուր ժողովին բացումը կատարուեցաւ պաշտօնական հանդիսութեամբ մը,

որուն ներկայ գտնուեցան Հայաստանի Ազգային Ժողովի նախագահի ներկայացուցիչ՝ Ազգային Ժողովի աշխատակազմի ղեկավար Գեղամ Ղարիբջանեան, Հայաստանի փոխվարչապետ Արմէն Գէորգեան, Երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Արթիւր Պետրոսեան, Կրթութեան եւ գիտութեան նախարարի տեղակալ Մանուկ Մկրտչեան, Սփիւռքի նախարարի ներկայացուցիչ Ա. Անդրէասեան, Ամենայն Հայոց կաթողիկոսի ներկայացուցիչ Նաթան եպս. Յովհաննիսեան, Համազգայինի եւ ՀՕՄի կեդրոնական վարչութիւններու ներկայացուցիչներ, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Լեւոն Մկրտչեան, հիւրեր, հրաւիրեալներ եւ Պատգամաւորական ժողովի կազմի անդամներ։
Բացման հանդիսութեան ողջոյնի խօսքը արտասանեց ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿի Վարչութեան ատենապետ Բագրատ Եսայեան։ Ան բարի գալուստ յայտնեց ներկաներուն եւ յաջողութիւն մաղթեց ժողովի աշխատանքներուն։ Ան ըսաւ, որ «Աւելի քան 70 տարի Սփիւռքի մէջ հայպահպանման աշխատանք տանելով, ՀՄԸՄ վերադարձաւ Հայաստան եւ իր գործով արժանացաւ բոլորին գնահատանքին, որուն ապացոյցը կու տան այսօր հանդիսութեան ներկայ պետական ներկայացուցիչները։ Այսօր ՀՄԸՄ իր արժանի տեղը ունի ոչ միայն Սփիւռքի, այլեւ Հայաստանի երիտասարդական կազմակերպութիւններու շարքին»։

Ապա, ողջոյնի խօսք արտասանեց Իրանի Հայ Մշակութային «Արարատ» կազմակերպութեան ներկայացուցիչ Հրաչ Զարիֆեան։ Ան ըսաւ, որ միշտ սերտ եղած են գաղափարակից քոյր միութիւններու՝ ՀՄԱԿի եւ ՀՄԸՄի յարաբերութիւնները ու ՀՄԱԿ վայելած է ՀՄԸՄի մեծ ընտանիքին ջերմ վերաբերումը։
«Նկատի ունենալով աշխարհի մէջ կատարուող փոփոխութիւնները եւ երիտասարդութեան յառաջընթացը այդ ուղղութեամբ՝ պէտք է նոր միտքերով աշխատանքներու հորիզոններ բանալ երիտասարդութեան առջեւ եւ օգտուիլ անոնց միտքերէն կազմակերպչական աշխատանքներու մէջ, ու նաեւ ուշադրութիւն դարձնել ժամանակակից հարցերու նկատմամբ», շեշտեց ան։

Համազգայինի կեդրոնական վարչութեան անդամ Մասիս Պաղտասարեան յայտնեց, որ մեր ժողովուրդը շատոնց բարձր գնահատած է ՀՄԸՄի կատարած աշխատանքը լայն շարքերով մասնակցելով անոր աշխատանքներուն։
«Մեր ժողովուրդը հաւատացած է ՀՄԸՄի արժէքներուն՝ ամէն ձեւով աջակցած ու խրախուսած է զայն, ՀՄԸՄը նկատելով իրը», ըսաւ ան։
Իր կարգին, ՀՄԸՄի կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Գրիգորիս Պողարեան անդրադարձաւ հայ երիտասարդութեան դիմագրաւած մերօրեայ դժուարութիւններուն, տագնապներուն եւ նշեց ՀՄԸՄի դերն ու առաքելութիւնը երիտասարդութիւնը առաջնորդելու մարզական եւ սկաուտական նորանոր իրագործումներու, ի խնդիր հայակերտման ու հայապահպանման վեհ նպատակին։
«Կատարուելիք աշխատանքները իրենց տարողութեամբ եւ ապագայի հաշւոյն ունենալիք անդրադարձով շատ ծանր բեռ մը կը դնեն Պատգամաւորական 10րդ ժողովի մասնակիցներուն ուսերուն։ Կը հաւատանք, որ մասնակիցներէն իւրաքանչիւրը զինուած ՀՄԸՄի վսեմ գաղափարախօսութեամբ եւ խորապէս գիտակից իրեն վստահուած առաքելութեան, լաւագոյնս պիտի կատարէ իրմէ պահանջուածն ու ակնկալուածը», հաստատեց Պողարեան։
ՀՅԴ Բիւրոյի խօսքը փոխանցեց Լեւոն Մկրտչեան։ Ան ողջունեց միութեան Պատգամաւորական ժողովին գումարումը Հայաստանի մէջ եւ նշեց որ Հայաստանի անկախութեան 20ամեակի նախօրեակին տեղի ունեցող այս ժողովը կոչուած է գոհացում տալու մեր հայրենիքին, մեր ժողովուրդին եւ մեր երիտասարդութեան դէմ ցցուած մարտահրաւէրներուն։ ՀՄԸՄ երիտասարդական մեծ ու աշխոյժ միութիւն մըն է որ ունի փառաւոր անցեալ եւ պայծառ ապագայ շնորհիւ իր մնայուն կենսունակութեան եւ հայանուէր աշխատանքներուն։

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին պատգամը Ընդհանուր ժողովին ընթերցեց ՀՄԸՄի կեդրոնական վարչութեան անդամ Կարպիս Գապասագալեան։ Իր պատգամին մէջ Արամ Ա. նկատել կու տար որ «ՀՄԸՄ դարձաւ հայ ժողովուրդի հարազատ ոգիին, ամուր կամքին ու պայծառ տեսիլքին շօշափելի արտայայտութիւնը մեր կեանքէն ներս։ Ան դարձաւ դէպի յաղթանակ ընթացող մեր հաւաքական երթին ջահակիրը։ Ան դարձաւ մեր բարոյական, մշակութային ու ազգային բիւրեղ ապրումներուն ու արժէքներուն անլռելի զանգակատունը՝ իր կեանքին ու ծառայութեան մէջ կեդրոնական ներկայութիւն դարձնելով հայ եկեղեցին, իր հոգեմտաւոր աւանդութիւններով, հայ մշակոյթը՝ իր հարազատ արժէքներով, Հայաստանը՝ իր վառ երազներով»։ Շարունակելով, Արամ Ա. կը հաստատէր, որ «ՀՄԸՄը երբեք չդաւաճանեց իր դաւանած սկզբունքներուն, արժէքներուն ու նպատակներուն, հակառակ Սփիւռքի դժուար ու տխուր պայմաններուն։ Ան գործեց ու ծառայեց ամբողջական հայութեան ու ամբողջական Հայաստանին հաւատքով ու տեսիլքով»։
Ժողովին Ամենայն Հայոց կաթողիկոսին օրհնութեան եւ ողջոյնի խօսքերը փոխանցեց Նաթան եպս. Յովհաննիսեան։ Ան ըսաւ, որ 70 տարի շարունակ ՀՄԸՄ արգիլուած էր Հայաստանի մէջ։ Ան կը յիշուէր իբրեւ Հայ սկաուտներու կազմակերպութիւն եւ կը հակադրուէր պիոներներու շարժումին։ Այսօր պիոներները չկան, սակայն կայ ՀՄԸՄը, որ 20 տարիէ կը գործէ անկախ հայրենիքի մէջ։ 90ամեայ այս միութիւնը կանգնած է մեծաթիւ մարտահրաւէրներու դիմաց։ Ան մեծ դեր ունի հայ ժողովուրդի ճակատագիրի ճշդումին՝ մեր երիտասարդութեան նկարագիրի կերտումին մէջ։
Այնուհետեւ Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի ողջոյնի խօսքը ընթերցեց նախարարի ներկայացուցիչ Ա. Անդրէասեան։ Ան ըսաւ. «ՀՄԸՄ ստեղծուեցաւ Հայկական Ցեղասպանութեան հետեւանքով աշխարհասփիւռ հայ երիտասարդները համախմբելու համար եւ աւելի քան 9 տասնամեակի ընթացքին հայրենիքի եւ Սփիւռքի մէջ ծաւալեց մարզամշակութային բեղուն գործունէութիւն եւ առողջ մարմին կոփելով դաստիարակեց Մայր Հայրենիքի ու Հայ ժողովուրդի ազգային նկարագիրի եւ ժառանգութեան հանդէպ սիրոյ ու նախանձախնդրութեան զգացում»։
Հայաստանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարի խօսքը ընթերցեց աշխատակազմի ղեկավարը։ Ան փոխանցեց «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութեան ղեկավար Գագիկ Ծառուկեանի ողջոյնները եւ մաղթանքները համագործակցելու եւ աջակցելու ՀՄԸՄին։
Հանդիսութեան վերջին խօսքը արտասանեց Ազգային Ժողովի աշխատակազմի ղեկավար Գեղամ Ղարիբջանեան։ Ազգային Ժողովի նախագահ Յովիկ Աբրահամեանի անունով ան ողջունեց ներկաները եւ յայտնեց, թէ «երիտասարդութիւնը այն ուժն է, որ իւրաքանչիւր երկրի եւ հասարակութեան կեանքին մէջ թարմութիւն ու աշխուժութիւն կը բերէ»։ Ան նշեց որ Հայաստանի Ազգային Ժողովը ստեղծած է երիտասարդական խորհրդարան, որուն կրնան մաս կազմել նաեւ Սփիւռքէն երիտասարդներ խորհրդարանի յաջորդ ընտրութիւններուն։ «Մենք պարտաւորուած ենք միասնական ըլլալ յանուն հզօր Հայաստանի ու հզօր Սփիւռքի, յանուն նոր յաղթանակներու, յանուն մեր ընդհանուր շահերուն եւ նպատակներուն», շեշտեց ան։
Խօսքերէն ետք հանդիսութիւնը փակուեցաւ «Յառաջ նահատակ» քայլերգով։ Յաջորդեց հիւրասիրութիւն, որմէ ետք Պատգամաւորական ժողովը անցաւ իր աշխատանքներուն։