
ՊԵՎԸՐԼԻ ՀԻԼԶ.- Հայաստանի կարօտեալ երեխաներուն համար կօշիկներ ապահովելու աշխատանք տանող «Share-a-Pair» նախաձեռնութիւնը, որ մէկ մասնիկն է բարեսիրական «Փարոս» հիմնարկին (www.paros-foundation.org), այս տարի եւս 500 զոյգ կօշիկներ բաժնած է Հայաստանի երեխաներուն:
Նախաձեռնութեան պատասխանատուներէն Քրիսթըն Ապաճեան կը յայտնէ, թէ կօշիկներ յանձնուած են Երեւանի, Գաւառի եւ Վանաձորի մէջ գործող չորս որբանոցներու երեխաներուն: Ան կ՛աւելցնէ, թէ ներկայիս աշխատանք կը տարուի՝ հաւաքելու յաւելեալ կօշիկներ, որպէսզի կարելի ըլլայ զանոնք յառաջիկայ տարուան սկիզբը հասցնել Հայաստանի տարբեր շրջաններու մէջ գտնուող գիւղերու երեխաներուն:
«Share-a-Pair» նախաձեռնութեան պատասխանատուները, կօշիկ արտադրող ընկերութեանց հետ գոյացուցած համաձայնութիւններով, միայն 10 տոլարով կրնան ապահովել բարձրօրակ եւ տոկուն կօշիկներ:
Սոյն նախաձեռնութիւնը հաստատուած է Քրիսթըն եւ Պրիճիթ Ապաճեաններուն ջանքերով, որոնց, աւելի ուշ, միացած է նաեւ Սոֆիա Տիլսիզեան. անոնք ներկայիս երկրորդական վարժարանի աւարտական դասարանի աշակերտներ են:
Նուիրատուութեան կամ յաւելեալ տեղեկութեանց համար, այցելել www.paros-foundation.org/shareapair կայքէջը, կամ «Ֆէյսպուք»ի վրայ փնտռել «share a pair» բառերը: