ԳԷՈՐԳ ՄԱՆՈՅԵԱՆ

Իրենք զիրենք այլ ժողովուրդներէ գերադաս նկատողները ունին նաեւ այն սին համոզումը, որ միայն իրենց ազգակիցին մահը կարելի է նահատակութիւն որակել, անարգանք համարելով իրենց թշանմիներուն վերագրուած նման որակում մը:
«Նահատակ» բառին մենատիրութիւն ընելու նման փորձ մը տեղի ունեցաւ անցնող շաբաթավերջին, Թուրքիոյ մէջ, ուր երկիրին ազգային ֆութպոլի խումբի աստղերէն Արտա Թուրան մէկ վայրկեանէն միւսը հերոսի մակարդակէն դաւաճանի մակարդակին իջաւ, պարզապէս, որովհետեւ մրցումի վերջին վայրկեանին նշանակած կօլին մասին խօսելու ընթացքին ըսաւ, որ այդ կօլը կը նուիրէ «Թուրքիոյ հանրապետութեան բոլոր ժողովուրդներուն նահատակ զաւակներուն»։
«Մարմարա» կ՛աւելցնէ, թէ Թուրան բացատրած է, որ ինք այս արտայայտութիւնը ունեցած էր զուտ մարդասիրական նպատակներով, որովհետեւ «ի վերջոյ քիւրտ սպաննուածներն ալ ընտանիք ունին, ծնողք կամ զաւակ ունին»:
Սակայն, ազգայնամոլ շրջանակներ խստօրէն դատապարտեցին անոր ելոյթը, որովհետեւ Թուրանի ակնարկութիւնը կ՛երթար նաեւ քիւրտ ժողովուրդին տուած զոհերուն, որոնք երբեք «նահատակ» չեն անուանուիր Թուրքիոյ մէջ։
Քրտամէտ Խաղաղութիւն եւ ժողովրդավարութիւն կուսակցութեան պետ ընտրուած Սելահատտին Տեմիրթաշ դատապարտեց Թուրանը քննադատողները, շեշտելով, որ ան պարզապէս խաղաղութեան ի նպաստ նախադասութիւն մը արտասանած էր: Ակնարկելով կուսակցութեան համաժողովի ընթացքին Թուրանի խօսքին ի նպաստ ստեղծուած մթնոլորտին, ան աւելցուց. «Համաժողովի ընթացքին անոր խաղաղասէր կեցուածքն է, որ ծափահարուեցաւ։ Հիմա ան ամօթալի յարձակումի մը կ՛ենթարկուի։ Ոչ մէկը պէտք է ստիպէ, որ ան ետքայլ ընէ»: