
ՊԸՐՊԵՆՔ.- Արդէն երկու ամիս եղած է, որ Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին կազմակերպած Հայ Դատի խորհրդաժողովին մասնակցած Պըրպենքի Հայ Դատի յանձնախումբին անդամները վերադարձած են Ուաշինկթընէն, իսկ այժմ անոնք զբաղած են կազմակերպելով ասպարէզի եւ համալսարանական ուսման նուիրուած խորհրդատուական փառատօն մը, համագոծակցութեամբ՝ Հայ ուսանողներու միացեալ մարմնին:
Հայ Դատի խորհրդաժողովը քաջալերական եւ ներշնչող եղած է մասնակիցներուն համար, որոնք գօտեպնդուած վերադարձած են, իրենց ապահոված նոր գիտելիքներով գործի անցնելու համոզումով: Տեղեկատուական դասախօսութիւններ, աշխատանիստները եւ տարբեր շրջաններէ եկած գործիչներու հետ հանդիպումները գօտեպնդիչ եղած են, նոր փորձառութիւններով հարստացնելով մասնակիցները:
Խորհրդաժողովին ընթացքին, Պըրպենքի Հայ Դատի յանձնախումբին գործիչները առիթը ունեցած են հանդիպում մը ունենալու քոնկրեսական Էտըմ Շիֆի հետ: Հանդիպումը կազմակերպուած էր Սիլվա Քէշիշեանի կողմէ, որու կողքին, Շիֆի հետ խորհրդակցութիւններ ունեցած են Նանէ Չեհրազ, Դալար Քոսաքեան եւ Վերժինի Թուլումեան: Քննուած են ամերիկահայութիւնը յուզող շարք մը հարցեր, ներառեալ Արցախի տագնապը ու Պըրպենքի Հայ Դատի յանձնախումբին գործունէութիւնը:
Հոկտեմբեր 22ին կայանալիք ասպարէզի եւ համալսարանական ուսման նուիրուած խորհրդատուական փառատօնին մասին տեղեկութիւնները աւելի ուշ պիտի փոխանցուին հանրութեան: