ՆՈՒՊԱՐ ՏԷՄԻՐՃԵԱՆ

Նախաձեռնութեամբ Սան Ֆրանսիսքոյի ՀՄԸՄի մասնաճիւղի վարչութեան, արդէն իսկ աւանդութեան վերածուած պասքեթպոլի 31րդ տարեկան մարզախաղերը տեղի ունեցան Սեպտեմբեր 2-4 երկարող շաբաթավերջին, ՀՄԸՄի Սիէրամոնթէի մարզադաշտին վրայ, մասնակցութեամբ՝ Լոս Անճելըսի, Ֆրեզնոյի, Սանթա Քլարայի եւ Սան Ֆրանսիսքոյի, տղոց պասքէթպոլի առաջին կարգի բաժանումներուն:
Բացման արարողութիւնը տեղի ունեցաւ Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 2ին, երեկոյեան ժամը 7ին, ՀՄԸՄի արի-արենուշներու դրօշակի արարողութեամբ, ամերիկեան, հայկական ու ՀՄԸՄի քայլերգներու երաժշտութեան կատարմամբ, ներկայութեամբ՝ ՀՄԸՄի սկաուտներու, արծուիկներու, մարզիկներու, վարչականներու, ծնողներու ու բարեկամներու ստուար բազմութեան մը:

Ողջոյնի խօսքով երեկոյթին բացումը կատարեց, ՀՄԸՄի Սան Ֆրանսիսքոյի մասնաճիւղի ատենապետ Վահան Տէրունեան: Ան բարի գալուստի խօսքին ընթացքին ըսաւ. «ՀՄԸՄի Սան Ֆրանսիսքոյի մասնաճիւղը՝ հիմնուած 1970ին, արեւմտեան Ամերիկայի մէջ երկրորդ մեծագոյն մասնաճիւղն է: Իբրեւ այդպիսին, մեծապէս հպարտ կը զգանք, որպէս մէկ մասնիկը մարզական համահայկական այս կազմակերպութան, որ հիմնուած է 93 տարիներ առաջ»:
Եզրակացնելով իր խօսքը, Վ. Տէրունեան ըսաւ. «Այս շաբաթավերջի ՀՄԸՄի մարզախաղերը մեր

վարչութեան ու ՀՄԸՄական բոլոր քոյրերուն ու եղբայրներուն համար, տարբեր իմաստ ու նշանակութիւն ունի, որովհետեւ այս շաբաթավերջը նուիրուած է մեզմէ առ յաւէտ բաժնուած, ՀՄԸՄի երկարամեայ անդամ, մեր բոլորին սիրելի եղբայր Վիգէն Տէմիրճեանի յիշատակին: Եղբ. Վիգէն Տէմիրճեան եղած է սկաուտ, մարզիկ ու երկար տարիներ ստանձնած է վարչական պատասխանատուութիւններ շրջանէն ներս: Ան մահացաւ հազիւ քառասուն գարուններ բոլորած, երկար պայքարելէ ետք անողոք հիւանդութեան մը դէմ, Հինգշաբթի 2 Օգոստոս 2007ին: Եղբայր Վիգէն ծնած է 26 Յուլիս 1967ին, Պէյրութ, Լիբանան: Ան իր ծնողքին հետ փոքր տարիքին փոխադրուած է Սան Ֆրանսիսքօ: Պատանի հասակին միացած է ՀԵԴի եւ ՀՄԸՄի շարքերուն, միշտ բերելով գործօն մասնակցութիւն: Ան եղած է բոլորին կողմէ սիրուած մէկը: Ես հպարտութեամբ կը յայտարարեմ, որ զինք ճանչցած եմ փոքր տարիքէն որպէս համարձակ ու քաջարի երիտասարդ մը»:

Իր խօսքը աւարտելով, Վ. Տէրունեան, հրաւիրեց Վ. Տէմիրճեանի մայրը, Մարօ Տէմիրճեանը ու անոր յանձնեց յուշատախտակ մը, առ ի յարգանք Վիգէնի յիշատակին:
Վ. Տէրունեան նաեւ հրաւիրեց ՀՄԸՄի տեղական մարզիկներէն Գէորգ Տէմիրճեանը, անոր նուիրելով շքանշան մը, առ ի գնահատանք անոր, այս տարուան Օգոստոսին, Երեւանի մէջ տեղի ունեցած պասքեթպոլի համահայկական 5րդ մրցաշարքերուն մասնակցութեան: Գէորգ՝ Սան Ֆրանսիսքոյէն միակ մարզիկն էր, որ միացած էր Լոս Անճելըսի ՀՄԸՄի ախոյեան խումբին, որոնք աւարտականին պարտութեան մատնեցին Ռուսիոյ Սոչի քաղաքի պասքեթպոլի կազմը, 93-86 արդիւնքով:
Աւարտին, խօսք առաւ նաեւ ՀՄԸՄի հիւսիսային Քալիֆորնիոյ եւ Ֆրեզնոյի, շրջանային վարչութեան

ներկայացուցիչ Շահիկ Աղապապեան: Ան բարի գալուստ մաղթեց բոլոր հիւրերուն, ծնողքներուն, անդամներուն ու մարզիկներուն եւ իր գնահատանքը յայտնեց Սան Ֆրանսիսքոյի ՀՄԸՄի վարչութեան, պասքեթպոլի 31րդ տարեկան խաղերուն կազմակերպման համար: Ապա ան յաջողութիւն մաղթեց բոլոր մարզիկներուն եւ այս առիթով նաեւ շնորհաւորեց, համահայկական խաղերուն ախոյեան Լոս Անճելըսի պասքեթպոլի խումբին Սան Ֆրանսիսքոյէն միակ մասնակից մարզիկ Գէորգ Տէմիրճեանը, թելադրելով անոր, որ մարզական կեանքէն ներս, որքան ալ յաջողութիւն գտնեն, չմոռնան իրենց արմատները, որ կու գայ ՀՄԸՄէն:
Շ. Աղապապեան, եզրափակելով իր խօսքը, ըսաւ. «Կ՛ուզեմ նաեւ հոս յիշել եւ ձեզ հետ բաժնել իմ անձնական մտածումներս ու զգացումներս եղբ. Վիգէն Տէմիրճեանին նկատմամբ, որ մահացաւ չորս տարիներ առաջ, երկար տառապելէ ետք քաղցկեղէ: Ես հաճոյքն ունեցած եմ գործակցելու իր հետ, Սան Ֆրանսիսքոյի ՀՄԸՄի մէջ, ինչպէս նաեւ կը յիշեմ, երբ հրաւիրեցինք զինք մասնակցելու առաջին հաւաքին, Ուոլնաթ Քրիքի մէջ նոր մասնաճիւղ մը կազմակերպելու համար, երբ ան ըսաւ. «Այս մէկը մեր զաւակներուն համար է: Ես կը ստանձնեմ ինչ պարտականութիւն, որ տրուի ինծի»:

Այսպէս է, որ սկսաւ Ուոլնաթ Քրիքի ՀՄԸՄի «Կարս» մասնաճիւղը»:
Շ. Աղապապեան մեծապէս գնահատեց Սան Ֆրանսիսքոյի ՀՄԸՄի մասնաճիւղը, որ գաղափարը յղացած էր եւ որոշած է սոյն շաբաթավերջի մարզախաղերը նուիրելու եղբ. Վիգէն Տէմիրճեանի յիշատակին: