
ԵՐԵՒԱՆ, «Այսօր».- Ուրբաթ, 9 Սեպտեմբերին, Հայաստանի բնապահպանութեան նախարար Արամ Յարութիւնեանի մօտ տեղի ունեցած է խորհրդակցութիւն՝ «Ռոբշին» ՍՊԸի կողմէ ՀՀ Լոռի մարզի Չիչխան գետի Թռչկան ջրվէժին վրայ փոքր ջրելեկտրակայան կառուցելու վերաբերեալ:
ՀՀ բնապահպանութեան նախարարութեան հանրութեան հետ կապերու բաժինը տեղեկացուցած է, որ խորհրդակցութեան մասնակցած են ՀՀ բնապահպանութեան նախարարութեան համապատասխան մասնագէտները, ԱԺ պատգամաւոր Ս. Սաֆարեանը, ՀՀ Լոռիի մարզպետարանի աշխատակազմի հողօգտագործման եւ հողաշինութեան բաժնի պետը, Մեծ Պարնիի գիւղապետը, «Ռոբշին» ընկերութեան տնօրէնը, «Թռչկան» ջրելեկտրակայանը կառուցողը եւ հասարակական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ:
Հասարակական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչները հարց բարձրացուցած են «Թռչկան» ջրելեկտրակայանի կառուցման ընթացքին Չիչխան գետի հունի փոփոխման եւ շինարարական աշխատանքները խախտումներով իրականացնելու վերաբերեալ:
Քննարկման ընթացքին պարզուած է, որ Չիչխան գետի հունը չէ փոխուած, իսկ շինարարի կողմէ դեռ փաստացի կատարուած են միայն շինարարական նախագծին համապատասխան հողային աշխատանքներ:
ՀՀ բնապահպանութեան նախարար Ա. Յարութիւնեան կառուցողին առաջարկած է կասեցնել բոլոր աշխատանքները եւ 10 օրէն ներկայացնել առաջարկներ, որոնք պէտք է ապահովեն Թռչկան ջրվէժի պահպանութիւնը: