
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Երեւանի գլխաւոր ճարտարապետ Նարեկ Սարգսեան, Ուրբաթ, 9 Սեպտեմբերին մամլոյ ասուլիս մը հրաւիրած է, ներկայացնելու համար Երեւանի մէջ իրականացուելիք ծրագիրները:
Գլխաւոր ճարտարապետը յայտնած է, որ Երեւանի պետական կրկէսի վերակառուցման աշխատանքները շուտով պիտի սկսին: Նախատեսուած է նաեւ մեթրոյի «Սասունցի Դաւի»չ կայարանի հրապարակը վերակառուցել: Գլխաւոր ճարտարապետը նշած է, որ ցանկութիւն կայ այդտեղ վերականգնել «Սասունցի Դաւի»չ շարժապատկերի թատերասրահը (կինոթատրոնը), որ խորհրդային ժամանակներուն քանդուած է՝ իր տեղը զիջելով հիւրանոցի մը: Ն. Սարգսեանը նաեւ անդրադարձած է նոր փողոցներու ստեղծման ծրագիրներուն:
Սարգսեան տեղեկացուցած է, որ յայտարարուած է Գարեգին Նժդեհի արձանի բաց մրցոյթ: Աբովեան փողոցի՝ նախկին «Մանկական աշխարհ»ի հարեւանութեամբ, ծրագրուած է տեղադրել Մանթաշովի արձանը: Ֆ. Նանսենի արձանի նախապէս յայտարարուած մրցոյթին քաղաքապետարանի գեղարուեստական խորհուրդի դատակազմի միաձայն որոշմամբ յաղթած է քանդակագործ Գարեգին Դաւթեանը: Արձանը պիտի տեղադրուի Մոսկովեան-Աբովեան խաչմէրուկին՝ Նոյեմբերի առաջին օրերուն:
Յառաջիկայ շաբաթ քաղաքապետարանի գեղարուեստական խորհուրդի դատակազմը պիտի որոշէ թէ ով պիտի քանդակէ Կարէն Դեմիրճեանի արձանը: Դեմիրճեան եւ Պռոշեան փողոցներու հարեւանութեամբ տարածք տրամադրուած է Դերենիկ Դեմիրճեանի արձանի տեղադրման համար:
Ն. Սարգսեանի խօսքով՝ Հոկտեմբեր ամսուան սկիզբը պիտի բացուի Շարլ Ազնաւուրի տուն-թանգարանը: Երեւանի մէջ նախատեսուած է նաեւ կառուցել Հրանտ Մաթեւոսեանի թանգարանը: